Psalm 34
Job « Psalm 33 ‹ Psalm 34 › Psalm 35 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Դաւիթի սաղմոսը, երբ իր դատողութիւնը այլափոխեց Աբիմելէքի առջեւ. ան ալ վռնտեց զինք, եւ ինք գնաց։
1Ամէն ատեն Տէրը պիտի օրհնաբանեմ. Անոր գովաբանութիւնը շարունակ իմ բերանս պիտի ըլլայ։
2Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծենայ. Հեզերը պիտի լսեն եւ ուրախանան։
3Տէ՛րը մեծարեցէք ինծի հետ, Ու միասի՛ն բարձրացնենք անոր անունը։
4Տէրը փնտռեցի, եւ ինծի պատասխանեց. Զիս ազատեց բոլոր երկիւղներէս։
5Անոր նայողները լուսափայլ եղան. Անոնց երեսները չշիկնեցան։
6Այս դժբախտը գոչեց, Տէրը լսեց, Եւ զայն իր բոլոր տագնապներէն փրկեց։
7Տէրոջ հրեշտակը անկէ վախցողներուն շուրջը կը բանակի, Ու զանոնք կ’ազատէ։
8Համտեսեցէ՛ք եւ տեսէ՛ք թէ Տէրը բարի է. Երանի՜ այն 1մարդուն՝ որ անոր կ’ապաւինի։
9Տէրոջմէ՛ն վախցէք, ո՛վ անոր սուրբերը, Որովհետեւ անկէ վախցողներուն ոչինչ կը պակսի։
10Առիւծի կորիւննե՛րը պիտի թշուառանան եւ անօթենան, Սակայն Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի։
11Եկէ՛ք, որդինե՛ր, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջ վախը պիտի սորվեցնեմ ձեզի։
12Ո՞վ է այն մարդը՝ որ ապրիլ կը բաղձայ, Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարիք տեսնելու համար.—
13Զե՛րծ պահէ քու լեզուդ չարախօսութենէ, Եւ շրթունքդ՝ խաբէութիւն խօսելէ.
14Չարութենէ հեռացի՛ր ու բարի՛ք գործէ, Խաղաղութի՛ւն փնտռէ եւ անո՛ր հետամուտ եղիր։
15Տէրոջ աչքերը արդարներուն վրայ են, Եւ անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։
16Տէրոջ երեսը չարագործներուն դէմ է, Անոնց յիշատակը երկրէն ջնջելու համար։
17Արդարները կ’աղաղակեն, Տէրը կը լսէ, Եւ իրենց բոլոր տագնապներէն կ’ազատէ զանոնք։
18Տէրը մօտ է անոնց՝ որոնց սիրտը կոտրած է, Ու հոգիով ճմլուածները կը փրկէ։
19Արդարին ձախորդութիւնները շատ են, Բայց Տէրը բոլորէն կ’ազատէ զայն։
20Անոր բոլոր ոսկորները կը պահպանէ, Անոնցմէ ո՛չ մէկը կը կոտրի։
21Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ, Եւ արդարը ատողները 2պիտի դատապարտուին՝՝։
22Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ. Իրեն ապաւինողներէն ո՛չ մէկը պիտի դատապարտուի։