Loading...

Psalm 36

Job  «  Psalm 35  ‹  Psalm 36  ›  Psalm 37  »  Proverbs


ՄԱՐԴՈՒՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Գլխաւոր երաժիշտին՝ Տէրոջ ծառային՝ Դաւիթի սաղմոսը։

1

Ամբարիշտին յանցանքին մասին սիրտիս մէջի պատգամը սա՛ է. Աստուծոյ երկիւղը չկայ իր աչքերուն առջեւ,

2

Որովհետեւ ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն, Փոխանակ իր անօրէնութիւնը գտնելու եւ ատելու։

3

Անոր բերանին խօսքերը անօրէնութիւն ու խաբէութիւն են. Հրաժարած է ուշիմ ըլլալէ եւ բարիք ընելէ։

4

Իր անկողինին մէջ անօրէնութեան մասին կը մտածէ. Կը 1գտնուի այնպիսի ճամբայի մը մէջ՝ որ լաւ չէ, Եւ չարութիւնը չի մերժեր։

5

Ո՛վ Տէր, քու կարեկցութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի, Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ մինչեւ նօսր ամպերը։

6

Քու արդարութիւնդ 2հզօր լեռներու պէս է, Քու դատաստաններդ մեծ անդունդ մըն են. Դո՛ւն մարդիկն ու անասունները 3կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։

7

Ի՜նչ պատուական է քու կարեկցութիւնդ, ո՛վ Աստուած. Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանիին կ’ապաւինին։

8

Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի յագենան, Եւ քու զուարճութիւններուդ վտակէն պիտի խմցնես անոնց.

9

Արդարեւ քո՛ւ քովդ է կեանքի աղբիւրը, Քո՛ւ լոյսովդ 4կը լուսաւորուինք՝՝։

10

Երկարաձգէ՛ քու կարեկցութիւնդ՝ քեզ ճանչցողներուն, Ու քու արդարութիւնդ՝ սիրտով ուղիղներուն։

11

5Յոխորտին ոտքը քովս թող չգայ, Եւ ամբարիշտներուն ձեռքը զիս չշարժէ։

12

Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները. 6Տապալեցան, ու չկրցան կանգնիլ։



1 Եբր.՝ կայնի
2 Եբր.՝ Աստուծոյ
3 Եբր.՝ կ’ազատես
4 Եբր.՝ լոյս պիտի տեսնենք
5 Եբր.՝ Յոխորտանքին
6 Եբր.՝ Հրուեցան