Loading...

Psalm 37

Job  «  Psalm 36  ‹  Psalm 37  ›  Psalm 38  »  Proverbs


ՉԱՐԻՆ ՈՒ ԲԱՐԻԻՆ ՎԻՃԱԿԸ Դաւիթի սաղմոսը։

1

Մի՛ բորբոքիր չարագործներուն դէմ, Մի՛ նախանձիր անիրաւութիւն գործողներուն.

2

Որովհետեւ անոնք շուտով պիտի կտրուին՝ խոտի պէս, Ու պիտի թառամին՝ կանաչ դալարի պէս։

3

Տէրո՛ջ վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ, Որ երկրին մէջ բնակիս ու ճշմարտութեան մէջ արածիս։

4

Տէրը քու վայելքդ թող ըլլայ, Որ ան քեզի տայ սիրտիդ խնդրանքները։

5

Տէրո՛ջ 1յանձնէ քու ճամբադ, Անո՛ր վստահէ, եւ ան պիտի գործէ.—

6

Դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ՝ լոյսի պէս, Ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։

7

2Հանդա՛րտ կեցիր՝՝ Տէրոջ քով, սպասէ՛ անոր, Ու մի՛ բորբոքիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին դէմ, 3Նենգութեամբ վարուող մարդուն դէմ։

8

Թո՛ղ բարկութիւնը եւ լքէ՛ ցասումը. Մի՛ բորբոքիր՝ որ չարիք չընես։

9

Արդարեւ չարագործները պիտի բնաջնջուին, Սակայն Տէրոջ յուսացողները երկրին պիտի տիրանան.

10

Արդարեւ քիչ մը ատենէն ետք ամբարիշտը պիտի 4չքանայ, Անոր տեղին 5ուշադրութիւն պիտի դարձնես՝՝, բայց պիտի 6չգտնես։

11

Սակայն հեզերը երկրին պիտի տիրանան, Ու 7շատ խաղաղութիւն՝՝ պիտի վայելեն։

12

Ամբարիշտը արդարին դէմ չարիք կը խորհի, Եւ անոր դէմ ակռաները կը կրճտէ։

13

Սակայն Տէրը անոր վրայ պիտի ծիծաղի, Որովհետեւ կը տեսնէ թէ անոր օրը կը հասնի։

14

Ամբարիշտները սուր քաշեցին Եւ իրենց աղեղը լարեցին՝ Դժբախտն ու աղքատը տապալելու համար, 8Ուղիղ ճամբայէն ընթացողները՝՝ մորթելու համար։

15

Անոնց սուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ, Եւ անոնց աղեղները պիտի կոտրուին։

16

Արդարին ունեցած քիչ բանը՝ Շատ ամբարիշտներու ճոխութենէն լաւ է.

17

Որովհետեւ ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին, Բայց արդարներուն նեցուկը Տէ՛րն է։

18

Տէրը պարկեշտներուն օրերը գիտէ, Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ.

19

Ձախորդութեան ժամանակ պիտի չամչնան, Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։

20

Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին, Եւ Տէրոջ թշնամիները 9պարարտ գառներու ճարպին՝՝ պէս պիտի սպառին, Մուխի պէս պիտի 10ցնդին։

21

Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ, ու չի վերադարձներ. Սակայն արդարը կ’ողորմի եւ կու տայ։

22

Արդարեւ 11անոր օրհնածները երկրին պիտի տիրանան, Բայց անկէ անիծուածները պիտի բնաջնջուին։

23

Բարի 12մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը հաստատուին, Եւ ինք կը հաճի անոր ճամբային.

24

Թէեւ իյնայ՝ պիտի չզգետնուի, Որովհետեւ Տէրը անոր 13ձեռքը կը բռնէ՝՝։

25

Երիտասարդ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը լքուած չտեսայ, Կամ անոր զարմը՝ հաց մուրացող։

26

Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայ. Անոր զարմը օրհնուած է։

27

Չարութենէ հեռացի՛ր եւ բարի՛ք գործէ, Ու յաւիտեան պիտի մնաս.

28

Արդարեւ Տէրը իրաւունքը կը սիրէ, Եւ իր բարեպաշտները չի լքեր. Անոնք յաւիտեան կը պահպանուին, Իսկ ամբարիշտներուն զարմը պիտի բնաջնջուի։

29

Արդարները երկրին պիտի տիրանան, Ու յաւերժ պիտի բնակին անոր մէջ։

30

Արդարին բերանը իմաստութիւնը կը 14հռչակէ, Եւ անոր լեզուն իրաւունքը կը հաղորդէ.

31

Իր Աստուծոյն Օրէնքը իր սիրտին մէջ է, Անոր քայլերը պիտի չտատանին։

32

Ամբարիշտը 15արդարին վրայ կը հսկէ՝՝ Եւ կը 16ջանայ զինք մեռցնել.

33

Տէրը անոր ձեռքը պիտի չլքէ զինք, Ու երբ դատուի՝ պիտի չդատապարտէ զինք։

34

Սպասէ՛ Տէրոջ ու պահէ՛ անոր ճամբան, Եւ ան քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէսզի երկրին տիրանաս. Ամբարիշտներուն բնաջնջումը պիտի տեսնես։

35

Ամբարիշտը 17զօրաւոր տեսայ, Իր տեղը կեցող կանաչազարդ ծառի մը պէս տարածուած.

36

Բայց ան անցաւ, եւ ահա՛ չկայ. Զայն փնտռեցի, բայց չգտայ։

37

Պարկե՛շտը դիտէ եւ ուղիղի՛ն նայէ. Որովհետեւ խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ,

38

Իսկ յանցաւորները միասին պիտի բնաջնջուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը բնաջնջում պիտի ըլլայ,

39

Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է. Տագնապի ժամանակ ինք անոնց 18զօրութիւնն է։

40

Տէրը պիտի օգնէ անոնց, եւ ազատէ զանոնք. Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ Ու պիտի փրկէ զանոնք, որովհետեւ իրեն կ’ապաւինին։



1 Եբր.՝ գլորէ
2 Եբր.՝ Լռէ՛
3 Եբր.՝ Նենգ մտադրութեամբ
4 Եբր.՝ չըլլայ
5 Եբր.՝ նկատես
6 Եբր.՝ չըլլայ
7 Եբր.՝ խաղաղութեան շատութիւնը
8 Եբր.՝ Ճամբայով ուղիղները
9 Կամ՝ պարարտ արօտի
10 Եբր.՝ սպառին
11 Այսինքն՝ Տէրոջ
12 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
13 Եբր.՝ ձեռքին նեցուկն է
14 Եբր.՝ գոչէ
15 Եբր.՝ արդարը կը դիտէ
16 Եբր.՝ փնտռէ
17 Եբր.՝ բռնակալ
18 Եբր.՝ ամրոցն