Loading...

Psalm 38

Job  «  Psalm 37  ‹  Psalm 38  ›  Psalm 39  »  Proverbs


ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ Դաւիթի սաղմոսը. յիշատակի համար։

1

Ո՛վ Տէր, քու զայրոյթովդ զիս մի՛ յանդիմաներ, Ու ցասումովդ զիս մի՛ 1պատժեր։

2

Արդարեւ քու նետերդ իմ մէջս 2մխուեցան, Եւ ձեռքդ իմ վրաս 3կը ճնշէ՝՝։

3

Իմ մարմինիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու սրտմտութեանդ 4պատճառով, Ոսկորներուս մէջ 5հանգստութիւն չկայ՝ իմ մեղքիս պատճառով.

4

Արդարեւ անօրէնութիւններս գլուխէս վեր 6ելան, Ծանր բեռի պէս 7իմ վրաս ծանրացան՝՝։

5

8Վէրքերս գարշահոտ եղան ու նեխեցան՝ Իմ յիմարութեանս պատճառով։

6

Կծկուեցայ եւ յոյժ նկուն եղայ. Ամէն օր մռայլ կը շրջիմ,

7

Որովհետեւ կողերս ջերմութեամբ լեցուեցան, Ու մարմինիս մէջ առողջութիւն չկայ։

8

Անզօր եմ, եւ յոյժ ճզմուած. Սիրտիս ալեկոծութենէն 9աղաղակեցի։

9

Ո՛վ Տէր, իմ ամբողջ փափաքս քու առջեւդ է, Ու հառաչանքս քեզմէ չծածկուեցաւ։

10

Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս զիս լքեց, Եւ աչքերուս լոյսը՝ ա՛ն ալ չքացաւ։

11

Զիս սիրողներն ու բարեկամներս իմ ախտիս պատճառով անդին կը կայնին, Մերձաւորնե՛րս ալ հեռու կը կենան։

12

Անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն, Ինծի չարիք ուզողները աղէտի մասին կը խօսին, Ամէն օր խաբէութեան մասին կը խորհրդածեն։

13

Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր, Համրի պէս բերանս չեմ բանար.

14

Այնպիսի մարդու մը պէս եմ՝ որ չի լսեր, Ու պատասխան չկայ իր բերանը։

15

Արդարեւ, ո՛վ Տէր, ես քեզի՛ կը յուսամ, Դո՛ւն պիտի պատասխանես, ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս.

16

Որովհետեւ ըսի. «Անոնք ինձմով թող չուրախանան, Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ թող 10չհպարտանան»։

17

Արդարեւ ես կաղալու պատրաստ եմ, Եւ կոտտանքս շարունակ առջեւս է.

18

Որովհետեւ անօրէնութիւնս պիտի իմացնեմ, Ու մեղքիս համար պիտի մտահոգուիմ։

19

Բայց թշնամիներս կենսալից են, հզօր են. Զիս ընդունայն ատողները բազմաթիւ են։

20

Բարիքի փոխարէն չարիք հատուցանողները ինծի կ’ընդդիմանան, Որովհետեւ բարիին հետամուտ կ’ըլլամ։

21

Զիս մի՛ լքեր, ո՛վ Տէր. Ինձմէ մի՛ հեռանար, ո՛վ իմ Աստուածս։

22

Արտորա՛ ինծի օգնելու, Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։



1 Կամ՝ մի՛ խրատեր
2 Եբր.՝ իջան
3 Եբր.՝ կ’իջնէ
4 Եբր.՝ երեսէն
5 Եբր.՝ խաղաղութիւն
6 Եբր.՝ անցան
7 Եբր.՝ ինծի համար շատ ծանր են
8 Եբր.՝ Հարուածներս
9 Եբր.՝ մռնչեցի
10 Եբր.՝ իրենք զիրենք չմեծցնեն