Psalm 39
Job « Psalm 38 ‹ Psalm 39 › Psalm 40 » Proverbs
ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Գլխաւոր երաժիշտին՝ Իդիթունի. Դաւիթի սաղմոսը։
11Ես ըսի. «Ուշադիր պիտի ըլլամ ճամբաներուս՝ Որպէսզի լեզուովս չմեղանչեմ. Բերանս բերանակապով պիտի պահպանեմ՝ Մինչ ամբարիշտը իմ առջեւս է»։
2Համր եղայ՝ լռելով. Բարերարութեան մասին ալ լռեցի, Ու կոտտանքս գրգռուեցաւ։
3Սիրտս տաքցաւ ներսս, Խորհրդածութեանս մէջ կրակը վառեցաւ, Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ՝ ըսելով.
4«Ո՛վ Տէր, գիտցո՛ւր ինծի վախճանս, Եւ օրերուս չափը՝ թէ ո՛րքան է», Որպէսզի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։
5Ահա՛ օրերուս չորս մատնաչափի լայնք տուիր, Ու կեանքիս տեւողութիւնը ոչինչի պէս է քու առջեւդ։ Անտարակոյս ամէն հաստատուն մարդ Ամբո՛ղջովին ունայնութիւն է։ (Սելա։)
6Ի՛րապէս մարդը 2ստուերի մը պէս կը պտըտի. Ի՛րապէս զուր տեղը կ’ալեկոծի. Հարստութիւն կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի ժողվէ զայն։
7«Եւ հիմա ի՞նչ բանի սպասեմ, ո՛վ Տէր. Իմ ակնկալութիւնս դո՛ւն ես։
8Ազատէ՛ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս. Մի՛ 3մատներ զիս անզգամներու նախատինքին։
9Համր եղայ ու բերանս չբացի, Որովհետեւ դո՛ւն կը գործես։
10Հեռացո՛ւր ինձմէ քու հարուածդ. Ձեռքիդ զարկը զիս կը 4հիւծէ։
11Երբ յանդիմանութիւններով 5խրատես մարդը՝ իր անօրէնութեան համար, Ցեցի մը պէս կը 6փճացնես անոր ցանկալի բաները. Ի՛րապէս ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սելա։)
12Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս եւ ունկնդրէ՛ աղաղակս. Լուռ մի՛ կենար արցունքներուս առջեւ. Որովհետեւ քու քովդ պանդուխտ մըն եմ, Հիւր մը՝ իմ բոլոր նախահայրերուս պէս։
13Նայուա՛ծքդ դարձուր ինծի՝ որ զուարթանամ, Քանի չեմ գացեր հոն՝ որ ա՛լ 7չգտնուիմ»։