Psalm 40
Job « Psalm 39 ‹ Psalm 40 › Psalm 41 » Proverbs
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։
1Յուսալով սպասեցի Տէրոջ. Ան ալ հակեցաւ իմ կողմս, լսեց աղաղակս,
2Եւ բարձրացուց զիս 1կորուստի գուբէն, 2տղմալից յատակէն՝՝. Ոտքերս 3ամրացուց ժայռի վրայ, քայլերս հաստատեց,
3Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը՝ Մեր Աստուծոյ գովաբանութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն, պիտի վախնան Ու Տէրոջ պիտի վստահին։
4Երանի՜ այն 4մարդուն՝ որ իր վստահութիւնը Տէրոջ վրայ կը դնէ, Եւ 5ուշադրութիւն չի դարձներ հպարտներուն ու ստութեան 6հետեւողներուն։
5Շա՛տ են քու ըրած սքանչելիքներդ, Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս. Մեր մասին ունեցած մտածումներդ Ո՛չ մէկը կրնայ 7զետեղել քու առջեւդ. Պիտի հռչակէի ու խօսէի անոնց մասին, Բայց պատմուելու համար չափազանց շատ են։
6Դուն զոհէ եւ ընծայէ չախորժեցար, Հապա իմ ականջներս բացիր. Ողջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։
7Այն ատեն ըսի.«Ահա՛ կու գամ. (Ի՛մ մասիս գրուած է գիրքի պատատին մէջ.)
8Ո՛վ իմ Աստուածս, քու կամքդ գործադրելէն կ՛ախորժիմ, Ու քու Օրէնքդ իմ ներսս է»։
98Արդարութիւնդ աւետեցի մեծ համախմբումին մէջ. Ահա՛ շրթունքս 9չգոցեցի, Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։
10Սիրտիս մէջ 10գաղտնի չպահեցի՝՝ քու արդարութիւնդ. Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։ Քու կարեկցութիւնդ եւ ճշմարտութիւնդ մեծ համախմբումէն չծածկեցի։
11Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ 11մերժեր ինծի. Քու կարեկցութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ շարունակ թող պաշտպանեն զիս։
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ (Սաղմ. 70)
12Արդարեւ անթիւ չարիքներ զիս պատեցին. Անօրէնութիւններս ինծի հասան, ու չեմ կրնար զանոնք տեսնել։ Գլուխիս մազերէն շատ են, եւ սիրտս զիս կը լքէ։
13Ո՛վ Տէր, բարեհաճէ՛ զիս ազատել. Ո՛վ Տէր, արտորա՛ ինծի օգնելու։
14Թող միասին ամչնան ու շիկնին Իմ անձս փնտռողները՝ զայն կորսնցնելու համար. Թող ընկրկին եւ խայտառակուին Անոնք՝ որ ինծի չարիք կը բաղձան։
15Թող 12ամչնալով 13ընկճուին Անո՛նք՝ որ ինծի կ’ըսեն. «Վա՜շ, վա՜շ»։
16Բոլոր քեզ փնտռողները Քեզմով թող բերկրին եւ ուրախանան. Քու փրկութիւնդ սիրողները Շարունակ թող ըսեն. «Տէրը թող մեծնայ»։
17Թէեւ ես դժբախտ եւ աղքատ եմ, Տէրը կը մտածէ իմ մասիս։ Դո՛ւն ես իմ օգնականս ու փրկիչս. Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։