Loading...

Psalm 41

Job  «  Psalm 40  ‹  Psalm 41  ›  Psalm 42  »  Proverbs


ՀԻՒԱՆԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Երանի՜ անոր՝ որ չքաւորին 1ուշադրութիւն կը դարձնէ՝՝. Ձախորդութեան ժամանակ Տէրը պիտի ազատէ զինք։

2

Տէրը պիտի պահպանէ եւ ողջ պահէ զինք. Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ, Ու պիտի չմատնէ զինք թշնամիներուն 2կամքին։

3

Տէրը պիտի կազդուրէ զինք թուլութեան մահիճին վրայ. 3Պիտի բժշկէ զինք իր հիւանդութեան ատենը՝՝։

4

Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, Բուժէ՛ իմ անձս, քանի քեզի դէմ մեղանչեցի»։

5

Թշնամիներս կը չարախօսեն իմ մասիս՝ ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մեռնի եւ անունը կորսուի»։

6

Եթէ մէկը ինծի գայ՝ զիս տեսնելու համար, ունայն խօսքեր կ’ըսէ. Իր սիրտը անօրէնութիւն կը ժողվէ իրեն համար, Որպէսզի դուրս ելլելով խօսի։

7

Բոլոր զիս ատողները միասին կը փսփսան ինծի դէմ. 4Կը չարախօսեն՝՝ ինծի դէմ՝ ըսելով.

8

«5Վատ ախտէ մը վարակուած է՝՝. Եւ հիմա որ պառկած է, ա՛լ պիտի չկանգնի»։

9

Մինչեւ անգամ իմ 6մտերիմս՝ որուն կը վստահէի, Իմ հացս ուտողը ինծի դէմ կրունկ վերցուց։

10

Սակայն, ո՛վ Տէր, դո՛ւն ողորմէ ինծի ու կանգնեցո՛ւր զիս, Որպէսզի հատուցանեմ անոնց։

11

Գիտե՛մ թէ ինձմէ կ’ախորժիս, Որովհետեւ թշնամիս վրաս չի 7պարծենար։

12

Զիս պարկեշտութեանս մէջ կը պահես, Եւ յաւիտենապէս քու առջեւդ կը հաստատես։

13

Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը 8Դարէ դար՝՝։ Ամէն ու ամէն։



1 Եբր.՝ կը հասկնայ
2 Եբր.՝ անձին
3 Եբր.՝ Իր ամբողջ անկողինը պիտի փոխէ իր հիւանդութեան ատենը
4 Եբր.՝ Չարիք կը մտածեն
5 Եբր.՝ Բելիարի բան մը անոր վրայ թափած է
6 Եբր.՝ խաղաղութեանս մարդը
7 Եբր.՝ գոչեր
8 Եբր.՝ Յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն