Psalm 42
Job « Psalm 41 ‹ Psalm 42 › Psalm 43 » Proverbs
ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Կորխի որդիներուն երգը։
1Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներուն կը տենչայ, Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը տենչայ, ո՛վ Աստուած։
2Անձս կը ծարաւնայ Աստուծոյ, ապրո՛ղ Աստուծոյն. Ե՞րբ պիտի գամ եւ Աստուծոյ առջեւ երեւնամ։
3Ցերեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան, Որովհետեւ 1ամէն ատեն՝՝ ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
4Այս բաները յիշելով՝ Անձս իմ ներսս կը 2հալի, Քանի որ բազմութեան հետ 3կ’երթայի, Անոնց հետ հանդիսաւորապէս դէպի Աստուծոյ տունը կը յառաջանայի՝ Ցնծութեան եւ շնորհակալութեան ձայնով, Տօնախմբող բազմութեան հետ։
5Ինչո՞ւ նկուն ես, ո՛վ իմ անձս, Եւ ինչո՞ւ իմ ներսս կ’ալեկոծիս. Աստուծո՛յ յուսա, քանի տակաւին պիտի ներբողեմ զայն՝ Իր 4փրկարար ներկայութեան՝՝ համար։
6Ո՛վ իմ Աստուածս, անձս իմ ներսս նկուն է. Հետեւաբար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն, Հերմոններէն ու 5Փոքր լեռնէն։
7Անդունդը կը գոչէ անդունդին՝ քու յորձանքներուդ աղմուկով. Քու բոլոր կոհակներդ եւ ալիքներդ իմ վրայէս անցան։
8Ցերեկը՝ Տէրը պիտի պատուիրէ իր կարեկցութեան, Ու գիշերը՝ իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ, Իմ աղօթքս՝ կեանքիս Աստուծոյն։
9Աստուծոյ՝ իմ Ժայռիս պիտի ըսեմ. «Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես, Ինչո՞ւ մռայլ շրջիմ՝ Թշնամիէն տանջուած»։
10Հակառակորդներս զիս կը նախատեն՝ ոսկորներս ջախջախելու պէս, Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
11Ինչո՞ւ նկուն ես, ո՛վ իմ անձս, Եւ ինչո՞ւ իմ ներսս կ’ալեկոծիս. Աստուծո՛յ յուսա, քանի տակաւին պիտի ներբողեմ զայն. Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը եւ իմ Աստուածս։