Psalm 43
Job « Psalm 42 ‹ Psalm 43 › Psalm 44 » Proverbs
ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
1Դա՛տս պաշտպանէ, ո՛վ Աստուած. Իրաւո՛ւնքս պաշտպանէ 1անբարեպաշտ ազգէն։ Ազատէ՛ զիս խաբեբայ եւ անիրաւ մարդէն,
2Քանի որ դո՛ւն ես իմ 2զօրութեանս Աստուածը։ Ինչո՞ւ զիս կը մերժես, Ինչո՞ւ մռայլ շրջիմ՝ Թշնամիէն տանջուած։
3Ղրկէ՛ քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ. Անոնք թող առաջնորդեն զիս, եւ տանին զիս Քու սուրբ լեռդ ու 3բնակարաններդ։
4Աստուծոյ զոհասեղանին քով պիտի երթամ, Իմ ուրախութեանս եւ խայտանքիս Աստուծոյն առջեւ։ Քեզ քնարո՛վ պիտի ներբողեմ, Ո՛վ Աստուած, ի՛մ Աստուածս։
5Ինչո՞ւ նկուն ես, ո՛վ իմ անձս, Եւ ինչո՞ւ իմ ներսս կ’ալեկոծիս։ Աստուծո՛յ յուսա, քանի տակաւին պիտի ներբողեմ զայն. Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը եւ իմ Աստուածս։