Psalm 44
Job « Psalm 43 ‹ Psalm 44 › Psalm 45 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Կորխի որդիներուն երգը։
1Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներով լսեցինք, Մեր հայրերը մեզի պատմեցին Այն գործը՝ որ իրենց ժամանակին մէջ կատարեցիր, Վաղեմի օրերը։
2Քու ձեռքո՛վդ հեթանոսները վտարեցիր, Ու 1զանոնք տնկեցիր. 2Ժողովուրդները չարչարեցիր, Եւ զանոնք տարածեցիր։
3Արդարեւ ո՛չ թէ իրենց սուրով տիրացան երկրին, Ո՛չ ալ իրենց բազուկը զիրենք ազատեց, Հապա քո՛ւ աջ ձեռքդ, քո՛ւ բազուկդ եւ քո՛ւ երեսիդ լոյսը, Որովհետեւ անոնց բարեհաճեցար։
4Դո՛ւն ես իմ Թագաւորս, ո՛վ Աստուած. Դո՛ւն 3ապահովէ Յակոբի փրկութիւնը։
5Քեզմո՛վ մեր թշնամիները պիտի զարնենք. Քո՛ւ անունովդ մեզի դէմ կանգնողները պիտի կոխկռտենք։
6Արդարեւ աղեղիս չեմ վստահիր, Ու սուրս զիս չի կրնար ազատել.
7Հապա դո՛ւն մեզ կ’ազատես մեր թշնամիներէն, Ու մեզ ատողները կ’ամչցնես։
8Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք, Եւ քու անունդ յաւիտեան պիտի ներբողենք։ (Սելա։)
9Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակեցիր, Եւ մեր զօրքերուն հետ 4չեկար։
10Թշնամիին առջեւ մեզի նահանջել տուիր, Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին իրենց համար։
11Մեզ մատնեցիր՝ ոչխարի պէս ուտելիք ըլլալու, Եւ մեզ ցրուեցիր հեթանոսներուն մէջ։
12Քու ժողովուրդդ ոչինչ գինով ծախեցիր, Ու քու հարստութիւնդ չաւելցուցիր անոնց գինով։
13Մեր դրացիներուն առջեւ՝ մեզ նախատինք ըրիր, Մեր շուրջը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։
14Մեզ հեթանոսներուն մէջ 5նշաւակ ըրիր, Եւ 6ժողովուրդներուն մէջ՝ գլուխ շարժելու պատճառ։
157Ամէն ատեն՝՝ իմ նախատինքս առջեւս է, Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝
16Նախատողին եւ հայհոյողին ձայնին 8պատճառով, Թշնամիին ու վրէժխնդիրին պատճառով։
17Այս բոլորը մեր վրայ հասաւ, Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւ քու ուխտդ չժխտեցինք։
18Մեր սիրտերը չընկրկեցան, Ո՛չ ալ մեր քայլերը քու ուղիէդ շեղեցան,
19Թէպէտ շնագայլերուն եղած տեղը ճզմեցիր մեզ, Ու մահուան շուքով ծածկեցիր մեզ։
20Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք, Կամ օտար աստուծոյ 9երկարեր ենք մեր ձեռքերը,
21Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չհետազօտէ՞, Քանի ի՛նք գիտէ սիրտին 10գաղտնիքները։
22Բայց քեզի՛ համար ամէն օր կը սպաննուինք, Սպանդանոցի ոչխարի պէս կը սեպուինք։
23Սթափէ՛, ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս. Արթնցի՛ր, ընդմիշտ մի՛ մերժեր մեզ։
24Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես, Մեր տառապանքն ու տանջանքը կը մոռնաս։
25Արդարեւ մեր անձը մինչեւ հողը 11ցածցաւ, Մեր փորը գետինը փակաւ։
26Կանգնէ՛, օգնէ՛ մեզի, Ու փրկէ՛ մեզ՝ քու կարեկցութեանդ պատճառով։