Psalm 45
Job « Psalm 44 ‹ Psalm 45 › Psalm 46 » Proverbs
ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ԵՐԳ Գլխաւոր երաժիշտին. Շոշանիմի վրայ. Կորխի որդիներուն երգը. սիրոյ տաղ։
1Սիրտէս բարի խօսք կը 1բխի. Թագաւորին համար շարադրածս կ’արտասանեմ. Լեզուս արագագիր գրագիրին գրիչին պէս է։
2Դուն մարդոց որդիներուն ամենէն գեղեցիկն ես. Քու շրթունքիդ վրայ շնորհք թափուած է. Հետեւաբար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտենապէս։
3Ո՛վ զօրաւոր, կապէ՛ սուրդ ազդրիդ վրայ՝ Քու փառաւորութեամբդ եւ վայելչութեամբդ։
4Քու վայելչութեամբդ հեծի՛ր ու յաջողէ՛, 2Ճշմարտութիւնը, հեզութիւնը եւ արդարութիւնը պաշտպանելու համար՝՝։ Աջ ձեռքդ ահաւոր բաներ 3պիտի արձակէ՝՝.
5Քու նետերդ սուր են, Ու թագաւորին թշնամիներուն սիրտին մէջ պիտի մխուին. Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։
6Ո՛վ Աստուած, քու գահդ 4դարէ դար՝՝ կը կենայ. Քու թագաւորութեանդ մականը ուղղամտութեան մական է։
7Արդարութիւնը կը սիրես եւ ամբարշտութիւնը կ’ատես. Հետեւաբար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ Բերկրանքի իւղով օծեց քեզ՝ ընկերակիցներէդ աւելի։
8Քու բոլոր հագուստներդ զմուռս, հալուէ ու կասիա կը բուրեն. Փղոսկրէ պալատներուն մէջ լարաւոր նուագարանները քեզ կ’ուրախացնեն։
9Թագաւորներու աղջիկներ քու պատուականներուդ մէջ են. Թագուհին քու աջ կողմդ կը կայնի՝ Ոփիրի մաքուր ոսկիով զարդարուած։
10Ո՛վ աղջիկ, լսէ՛ ու տե՛ս, եւ դարձո՛ւր ականջդ. Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու հօրդ տունը։
11Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ, Որովհետեւ ինք է քու տէրդ. ուստի երկրպագէ՛ անոր։
12Տիւրոսի աղջիկն ու ժողովուրդին հարուստները Ընծայով 5պիտի խնդրեն քու շնորհքդ՝՝։
13Թագաւորին աղջիկը 6փառաւոր է պալատին ներսը, Ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը։
14Նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին. Անոր հետեւող կոյսերը — իր ընկերուհիները — քեզի պիտի բերուին.
15Ուրախանալով եւ խայտալով պիտի բերուին, Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։
16Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան. Ամբողջ երկրին մէջ իշխանաւորներ պիտի ընես զանոնք։
17Քու անունդ 7հռչակել պիտի տամ սերունդէ սերունդ. Հետեւաբար ժողովուրդները քեզ պիտի ներբողեն դարէ դար։