Psalm 46
Job « Psalm 45 ‹ Psalm 46 › Psalm 47 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է Գլխաւոր երաժիշտին. Կորխի որդիներուն երգը. ալամոթի վրայ՝՝։
1Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է, Տագնապներու մէջ 1շուտ գտնուող օգնական մը։
2Հետեւաբար պիտի չվախնանք՝ թէեւ երկիրը փոխուի, Ու լեռները երերան եւ ծովուն 2մէջտեղը ձգուին,
3Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու խռովին, Լեռները ցնցուին անոր 3ուռենալով։ (Սելա։)
4Գետ մը կայ, որուն վտակները կ’ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը, Ամենաբարձրին սուրբ 4բնակարանները։
5Աստուած անոր մէջ է, ան պիտի չսասանի. Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։
6Հեթանոսները կ’ալեկոծին, թագաւորութիւնները կ’երերան. Ամենաբարձրը իր ձայնը լսել կու տայ, երկիրը կը հալի։
7Զօրքերու Տէրը մեզի հետ է. Յակոբի Աստուածը մեր պատսպարանն է։ (Սելա։)
8Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջ գործերը. Ի՜նչ աւերներ ըրաւ երկրի վրայ։
9Պատերազմները կը դադրեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. Աղեղը կը կոտրտէ, նիզակը կը փշրէ, սայլերը կրակով կ’այրէ։
10Հանդարտեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ ես Աստուած եմ. Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։
11Զօրքերու Տէրը մեզի հետ է, Յակոբի Աստուածը մեզի պատսպարան է։ (Սելա։)