Psalm 47
Job « Psalm 46 ‹ Psalm 47 › Psalm 48 » Proverbs
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Կորխի որդիներուն սաղմոսը։
1Ծա՛փ զարկէք, բոլո՛ր ժողովուրդներ, Գոչեցէ՛ք Աստուծոյ ցնծութեան ձայնով։
2Արդարեւ Ամենաբարձր Տէրը ահեղ է. Ամբողջ երկրի վրայ մեծահամբաւ թագաւոր է։
3Ժողովուրդները մեզի կ’ենթարկէ, Եւ 1ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։
4Մեզի ընտրեց մեր ժառանգութիւնը, Իր սիրելի Յակոբին մեծափառութիւնը։ (Սելա։)
5Աստուած ուրախութեան գոչիւնով վեր ելաւ, Տէրը շեփորի ձայնով բարձրացաւ։
6Սաղմո՛ս երգեցէք Աստուծոյ, սաղմո՛ս ըսէք. Սաղմո՛ս երգեցէք մեր թագաւորին, սաղմո՛ս ըսէք,
7Որովհետեւ Աստուա՛ծ է ամբողջ երկրի թագաւորը. Ուշիմութեա՛մբ սաղմոս երգեցէք։
8Աստուած 2ազգերուն վրայ կը թագաւորէ, Աստուած բազմած է իր սուրբ գահին վրայ։
9Ժողովուրդներուն ազնուականները հաւաքուեցան Աբրահամի Աստուծոյն ժողովուրդին հետ, Որովհետեւ երկրին վահանները Աստուծոյ են. Ինք յոյժ բարձրացած է։