Loading...

Psalm 48

Job  «  Psalm 47  ‹  Psalm 48  ›  Psalm 49  »  Proverbs


ՍԻՈՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔԱՂԱՔԸ Կորխի որդիներուն երգը. սաղմոս։

1

Տէրը մեծ է, ու յոյժ գովելի է Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ, Իր սուրբ լերան վրայ։

2

Գեղեցիկ ու բարձր է Ամբողջ երկրին բերկրանքը՝ Հիւսիսային կողմերը եղող Սիոն լեռը, Մեծ Թագաւորին քաղաքը։

3

Աստուած անոր պալատներուն մէջ Իբր միջնաբերդ ճանչցուած է։

4

Արդարեւ ահա՛ թագաւորները հաւաքուեցան, Միասին շրջագայեցան.

5

Տեսան ու զարմացան, Շփոթեցան եւ աճապարելով փախան։

6

Հոն դող մը համակեց զանոնք, 1Ցաւ մը՝ ծննդաբերող կնոջ ցաւին պէս.

7

Արեւելեան հովով Թարսիսի նաւերը փշրեցիր։

8

Ինչպէս լսեցինք՝ այնպէս ալ տեսանք Զօրքերու Տէրոջ քաղաքին մէջ, Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ. Աստուած զայն պիտի հաստատէ յաւիտենապէս։ (Սելա։)

9

Ո՛վ Աստուած, քու կարեկցութեանդ վրայ կը մտածենք Քու տաճարիդ մէջ։

10

Քու գովաբանութիւնդ, ո՛վ Աստուած, Քու անունիդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է. Արդարութեամբ լեցուն է քու աջ ձեռքդ։

11

Սիոն լեռը թող ուրախանայ, Եւ Յուդայի 2աղջիկները թող խայտան՝ Քու դատաստաններուդ պատճառով։

12

3Պտըտեցէ՛ք Սիոնի շուրջ, Շրջապատեցէ՛ք զայն, 4Համրեցէ՛ք անոր աշտարակները.

13

5Ուշադրութեա՛մբ դիտեցէք՝՝ անոր պատուարները, Զննեցէ՛ք անոր պալատները, Որպէսզի պատմէք յաջորդ սերունդին։

14

Արդարեւ այս Աստուածը մե՛ր Աստուածն է՝ 6դարէ դար՝՝. Ի՛նք պիտի առաջնորդէ մեզ՝ մինչեւ մահ։



1 Եբր.՝ Երկունքի ցաւ
2 Կամ՝ գիւղերը
3 Եբր.՝ Շրջեցէ՛ք
4 Եբր.՝ Հաշուեցէ՛ք
5 Եբր.՝ Դրէ՛ք ձեր սիրտը
6 Եբր.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն