Psalm 49
Job « Psalm 48 ‹ Psalm 49 › Psalm 50 » Proverbs
ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵԼՈՒ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Կորխի որդիներուն սաղմոսը։
11Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր, Ունկնդրեցէ՛ք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,
2Ռամիկներ եւ ազնուականներ, Հարուստներ եւ աղքատներ, հաւասարապէս։
3Բերանս իմաստութիւն պիտի արտայայտէ, Ու սիրտիս խորհրդածութիւնը՝ հանճար։
4Իմ ականջս առակի պիտի դարձնեմ, Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։
5Ինչո՞ւ վախնամ վատ օրերու մէջ, Երբ 2հետապնդողներուն անօրէնութիւնը զիս կը շրջապատէ։
6Իրենց գոյքերուն վստահողներէն, Եւ իրենց հարստութեան շատութեամբ պարծեցողներէն
7Ո՛չ մէկը կրնայ փրկել իր եղբայրը, Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,
8(Արդարեւ սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը. Թող հրաժարի յաւիտենապէս.)
9Որպէսզի ապրի ընդմիշտ, Եւ ապականութիւն չտեսնէ։
10Արդարեւ կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին, Անմիտն ու անխելքը նոյնպէս կը կորսուին, Եւ իրենց գոյքերը ուրիշներուն կը թողուն։
113Անոնք կը կարծեն՝՝ թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի գոյատեւեն, Ու իրենց բնակարանները՝ սերունդէ սերունդ. 4Հողերը իրենց անուններով կը կոչեն։
12Բայց մարդը պատիւի մէջ չի 5մնար, Անասուններու նման է, որոնք կը կորսուին։
13Անոնց այս ճամբան իրենց անմտութիւնն է, Սակայն անոնց յաջորդները անոնց խօսքերուն պիտի հաւանին։ (Սելա։)
14Անոնք ոչխարներու պէս 6դժոխքը պիտի դրուին, Մա՛հը զանոնք պիտի արածէ. Առտուն ուղիղնե՛րը անոնց պիտի տիրապետեն, Անոնց կերպարանքը պիտի 7կորսուի, Իրենց բնակութիւնը դժոխքին մէջ պիտի ըլլայ։
15Սակայն Աստուած դժոխքին 8տիրապետութենէն պիտի փրկէ իմ անձս, Որովհետեւ զիս պիտի ընդունի։ (Սելա։)
16Մի՛ վախնար՝ երբ մարդ մը հարստանայ, Եւ անոր տան փառքը շատնայ.
17Որովհետեւ երբ մեռնի՝ ոչինչ պիտի 9տանի իրեն հետ, Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։
18Թէպէտ իր անձը կ’օրհնէր՝ մինչ կ’ապրէր, (Քեզ կը ներբողեն՝ երբ դուն քեզի բարիք ընես,)
19Սակայն իր նախահայրերուն սերունդին պիտի երթայ. Անոնք ամենեւին լոյս պիտի չտեսնեն։
20Մարդը՝ որ 10կը պատուուի՝՝ բայց չի հասկնար՝ Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։