Psalm 50
Job « Psalm 49 ‹ Psalm 50 › Psalm 51 » Proverbs
ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ Ասափի սաղմոսը
1Հզօր Աստուածը՝ Տէրը խօսեցաւ, Ու երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։
2Սիոնէն՝ գեղեցկութեան կատարելութենէն Աստուած փայլեցաւ։
3Մեր Աստուածը պիտի գայ եւ պիտի չլռէ. Անոր առջեւ սպառող կրակ պիտի ըլլայ, Ու շուրջը՝ սաստիկ մրրիկ։
4Երկինքը վերէն պիտի կանչէ, Նաեւ երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար, ըսելով.
5«Հաւաքեցէ՛ք ինծի իմ բարեպաշտներս, Ինծի հետ զոհով ուխտ կնքողները»։
6Երկինքը անոր արդարութիւնը պիտի հռչակէ, Որովհետեւ Աստուած՝ ինքն է դատաւորը։ (Սելա։)
7«Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, պիտի խօսիմ. Ո՛վ Իսրայէլ, քեզի դէմ պիտի վկայեմ. Ես Աստուած եմ, քո՛ւ Աստուածդ։
8Քու զոհերուդ համար չէ որ քեզ կը յանդիմանեմ, Կամ ողջակէզներուդ համար՝ որոնք շարունակ իմ առջեւս են։
9Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ, Ո՛չ ալ քու փարախներէդ՝ նոխազներ.
10Որովհետեւ իմս են անտառին բոլոր գազանները, Հազարաւոր լեռներուն անասունները։
11Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները, Ու դաշտի 1գազանները իմ քովս են՝՝։
12Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ. Քանի իմս է երկրագունդը, նաեւ 2անոր լիութիւնը՝՝։
13Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մ, Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։
143Շնորհակալութեա՛ն զոհ մատուցանէ՝՝ Աստուծոյ, Կատարէ՛ ուխտերդ Ամենաբարձրին,
15Եւ ինծի՛ գոչէ տագնապի օրը. Ես քեզ պիտի ազատեմ, ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։
16Սակայն Աստուած ամբարիշտին կ’ըսէ. «Քեզի ի՞նչ՝ որ դուն իմ կանոններս կը թուես, Իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։
17Արդարեւ դուն խրատը ատեցիր, Եւ իմ խօսքերս ետեւդ ձգեցիր.
18Գողը տեսնելով՝ անոր հաւանեցար, Ու շնացողներուն բաժնեկից եղար.
19Բերանդ չարախօսութեան 4կը յանձնես՝՝, Եւ լեզուդ 5խաբէութիւն կը հնարէ՝՝.
20Կը նստիս ու եղբօրդ դէմ կը խօսիս, Մօրդ որդին կը վարկաբեկես։
21Այս բաները ըրիր, ու ես լռեցի. Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի պէս եմ։ Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ, Եւ աչքերուդ առջեւ պիտի զետեղեմ քու ըրածներդ։
22Ուրեմն հասկցէ՛ք ասիկա, դուք որ Աստուած կը մոռնաք, Որ ձեզ չբզքտեմ եւ ո՛չ մէկ ազատող ըլլայ։
236Շնորհակալութեան զոհ մատուցանողը՝՝ զիս կը փառաւորէ. Եւ իր ճամբային 7ուշադիր եղողին՝՝ Ցոյց պիտի տամ Աստուծոյ փրկութիւնը»։