Psalm 51
Job « Psalm 50 ‹ Psalm 51 › Psalm 52 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը, երբ Նաթան մարգարէն իրեն եկաւ՝ իր Բեթսաբէի քով մտնելէն ետք։
1Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու կարեկցութեանդ համեմատ, Ջնջէ՛ իմ յանցանքներս՝ քու առատ գթութեանդ համեմատ։
2Բոլո՛րովին լուա զիս իմ անօրէնութենէս, Եւ մաքրէ՛ զիս իմ մեղքէս.
3Որովհետեւ ես յանցանքներուս գիտակից եմ, Ու մեղքս շարունակ իմ առջեւս է։
4Քեզի՛, միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի, Եւ աչքերուդ առջեւ չարիք գործեցի. Հետեւաբար դուն արդար պիտի ըլլաս՝ երբ խօսիս, Եւ ամբիծ՝ երբ դատես։
5Ահա՛ ես անօրէնութեա՛մբ 1ծնայ, Ու մայրս մեղքո՛վ յղացաւ զիս։
6Ահա՛ դուն ճշմարտութենէ կ’ախորժիս 2ներքին մարդուն՝՝ մէջ, Եւ ծածուկ տեղը իմաստութիւնը պիտի 3հասկցնես ինծի։
7Մաքրէ՛ զիս մեղքէն՝ զոպայի մշտիկով, ու մաքուր պիտի ըլլամ. Լուա՛ զիս, ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։
8Բերկրա՛նք եւ ուրախութի՛ւն լսել տուր զիս. Թող խայտան այն ոսկորները՝ որ ճզմեցիր։
9Ծածկէ՛ երեսդ իմ մեղքերէս, Ու ջնջէ՛ բոլոր անօրէնութիւններս։
10Մաքո՛ւր սիրտ ստեղծէ իմ մէջս, ո՛վ Աստուած, Ուղի՛ղ հոգի վերահաստատէ իմ ներսս։
11Զիս մի՛ վտարեր ներկայութենէդ, Եւ ինձմէ մի՛ առներ քու Սուրբ Հոգիդ։
12Վերադարձո՛ւր ինծի քու փրկութեանդ բերկրանքը, Ու 4յօժարակամ հոգի մը նեցուկ թող ըլլայ ինծի։
13Յանցաւորներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ, Ու մեղաւորները քեզի պիտի վերադառնան։
14Ո՛վ Աստուած, փրկութեա՛նս Աստուածը, Ազատէ՛ զիս արիւնահեղութենէ, Որ լեզուս ցնծութեամբ խօսի քու արդարութեանդ մասին։
15Ո՛վ Տէր, բա՛ց շրթունքս, Ու բերանս պիտի հռչակէ քու 5փառաւոր գործերդ՝՝։
16Արդարեւ զոհէ չես ախորժիր՝ որ զայն մատուցանեմ. Ողջակէզի ալ չես հաւանիր։
17Աստուծոյ հաճելի զոհը՝ կոտրած հոգին է. Կոտրած ու ճմլուած սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես արհամարհեր։
18Բարի՛ք ըրէ Սիոնի՝ քու բարեհաճութեամբդ, Կառուցանէ՛ Երուսաղէմի պարիսպները։
19Այն ատեն պիտի ախորժիս արդարութեան զոհերէն, Ողջակէզներէն եւ ամբողջովին այրուած զոհերէն. Այն ատեն քու զոհասեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։