Psalm 52
Job « Psalm 51 ‹ Psalm 52 › Psalm 53 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔԸ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի երգը, երբ եդովմայեցի Դովեկ եկաւ, Սաւուղի պատմեց եւ անոր ըսաւ. «Դաւիթ Աքիմելէքի տունը մտած է»։
1Ինչո՞ւ չարութեամբ կը պարծենաս, ո՛վ զօրաւոր մարդ. Աստուծոյ կարեկցութիւնը 1մշտատեւ է։
2Լեզուդ եղեռնագործութիւններ կը հնարէ, Սուր ածելիի պէս խաբէութեամբ կը վարուի։
3Չարութիւնը կը սիրես՝ քան բարութիւնը, Ստութիւնը՝ քան 2անկեղծութիւնը։ (Սելա։)
4Ամէն 3կործանող խօսք կը սիրես, Ո՛վ խաբեբայ լեզու։
5Ուստի Աստուած քեզ ընդմիշտ պիտի տապալէ, Քեզ պիտի բռնէ եւ վրանէդ խլէ, Քեզ արմատէդ պիտի խլէ ապրողներու երկրէն։ (Սելա։)
6Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան, Եւ անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.
7«Ահա՛ այն 4մարդը՝ որ Աստուած իրեն ամրոց չըրաւ, Հապա իր հարստութեան ճոխութեան վստահեցաւ, Եւ իր եղեռնագործութեամբ զօրացաւ»։
8Իսկ ես կանաչազարդ ձիթենիի պէս եմ Աստուծոյ տան մէջ. Աստուծոյ կարեկցութեան կը վստահիմ 5դարէ դար՝՝։
9Քեզ յաւիտեան պիտի ներբողեմ՝ Որովհետեւ ասիկա ըրիր, Ու քու անունիդ պիտի յուսամ՝ Քանի որ 6նպաստաւոր է բարեպաշտներուդ առջեւ։