Loading...

Psalm 53

Job  «  Psalm 52  ‹  Psalm 53  ›  Psalm 54  »  Proverbs


ՄԱՐԴՈՑ ԱՆԶԳԱՄՈՒԹԻՒՆԸ Գլխաւոր երաժիշտին. մահալաթի վրայ. Դաւիթի երգը։

1

Անզգամը իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան պիղծ անիրաւութեամբ։ Չկայ մէկը՝ որ բարիք ընէ։

2

Աստուած երկինքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, Որպէսզի տեսնէ թէ կա՛յ արդեօք ուշիմ մէկը՝ Որ Աստուած փնտռէ։

3

Բոլո՛րը 1խոտորեցան, միասին անպիտան եղան. Ո՛չ մէկ բարիք ընող կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ։

4

Միթէ գիտակից չե՞ն անօրէնութիւն գործողները, Որոնք իմ ժողովուրդս կ’ուտեն՝ հաց ուտելու պէս, Եւ Աստուծոյ չեն գոչեր։

5

Հո՛ն ուր երկիւղ չկար՝ անոնք շատ վախցան, Որովհետեւ Աստուած քեզի դէմ բանակողներուն ոսկորները ցրուեց. Ամչցուցիր զանոնք, որովհետեւ Աստուած անարգեց զանոնք։

6

Երանի՜ թէ Սիոնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը. Երբ Աստուած իր ժողովուրդը գերութենէն վերադարձնէ՝ Յակոբ պիտի խայտայ, եւ Իսրայէլ ուրախանայ։



1 Եբր.՝ ետ քաշուեցան