Loading...

Psalm 54

Job  «  Psalm 53  ‹  Psalm 54  ›  Psalm 55  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. նկինօթի վրայ. Դաւիթի երգը, երբ Զիփացիները եկան ու Սաւուղի ըսին. «Ահա՛ Դաւիթ մեր քով պահուըտած է»։

1

Ո՛վ Աստուած, ազատէ՛ զիս քու անունովդ, Դա՛տս պաշտպանէ քու զօրութեամբդ։

2

Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ունկնդրէ՛ բերանիս խօսքերը.

3

Որովհետեւ օտարները ինծի դէմ կանգնեցան, Բռնակալները իմ անձս կը փնտռեն, Եւ Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սելա։)

4

Ահա՛ Աստուա՛ծ է իմ օգնականս. Տէրը անձիս նեցուկ եղողներուն հետ է։

5

Չարիքը 1ոսոխներուս պիտի վերադարձնէ. Բնաջնջէ՛ զանոնք քու ճշմարտութեամբդ։

6

Ես յօժարակամ քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Քու անունդ պիտի ներբողեմ, ո՛վ Տէր, որովհետեւ 2բարի է.

7

Արդարեւ զիս ամէն տագնապէ ազատեց, Եւ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։



1 Եբր.՝ դիտողներուս
2 Կամ՝ նպաստաւոր