Psalm 55
Job « Psalm 54 ‹ Psalm 55 › Psalm 56 » Proverbs
ԲԱՐԵԿԱՄԷ ՄԸ ՄԱՏՆՈՒԱԾԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ Գլխաւոր երաժիշտին. նկինօթի վրայ. Դաւիթի երգը։
1Ո՛վ Աստուած, ունկնդրէ՛ իմ աղօթքս, Եւ մի՛ թաքնուիր իմ աղաչանքէս։
2Մտի՛կ ըրէ ու պատասխանէ՛ ինծի. Իմ գանգատովս 1կը մոլորիմ՝՝ եւ ալեխռով կ’ըլլամ,
3Թշնամիին ձայնէն եւ ամբարիշտին 2ճնշումէն, Որովհետեւ վրաս անօրէնութիւն կը 3թափեն, Ու բարկութեամբ զիս 4կը հետապնդեն՝՝։
4Սիրտս սարսափեցաւ իմ ներսս, Եւ մահուան ահերը ինկան վրաս։
5Վախ ու դող 5համակեցին զիս՝՝, Ահուդողը ծածկեց զիս,
6Եւ ըսի. «Երանի՜ թէ աղաւնիի նման թեւեր ունենայի, Որպէսզի թռչէի ու հանգչէի.
7Ահա՛ հեռուն կը փախչէի, Անապատին մէջ կը 6բնակէի. (Սելա.)
8Արտորալով կը փախչէի Սաստիկ հովէն ու մրրիկէն»։
97Կորսնցո՛ւր զանոնք, ո՛վ Տէր. բաժնէ՛ անոնց լեզուները, Որովհետեւ քաղաքին մէջ բռնութիւն եւ կռիւ տեսայ։
10Ցերեկ ու գիշեր անոր պարիսպներուն վրայ կը շրջին. Անօրէնութիւն եւ տաժանք կայ անոր մէջ։
11Եղեռնագործութիւն կայ անոր մէջ, Հարստահարութիւնն ու խաբէութիւնը անոր հրապարակներէն չեն հեռանար։
12Արդարեւ թշնամի մը չէր զիս նախատողը՝ որ հանդուրժէի, Կամ 8ոսոխս չէր ինծի դէմ 9հպարտացողը՝ որ անկէ պահուըտէի.
13Հապա դո՛ւն, 10ինծի հաւասար՝՝ մարդ մը, Իմ մտերի՛մս ու ճանչուո՛րս.
14Իրարու հետ 11քաղցր խօսակցութիւն կ’ունենայինք՝՝, Եւ բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք։
15Մահը 12յանկարծ անոնց վրայ թող հասնի՝՝, Ու ողջ-ողջ 13դժոխքը թող իջնեն, Որովհետեւ իրենց 14բնակարաններուն եւ իրենց մէջ չարութիւն կայ։
16Իսկ ես Աստուածո՛յ պիտի գոչեմ, Ու Տէրը զիս պիտի ազատէ։
17Իրիկունը, առտուն եւ կէսօրին պիտի գանգատիմ ու 15հառաչեմ, Ան ալ պիտի լսէ իմ ձայնս։
18Խաղաղութեամբ պիտի փրկէ իմ անձս ինծի դէմ մղուող պայքարէն, Որովհետեւ շատեր քովս էին։
19Աստուած պիտի լսէ, Ու 16յաւիտենականութեան մէջ՝՝ բնակողը պիտի խոնարհեցնէ զանոնք. (Սելա.) Որովհետեւ անոնք չեն փոխուիր, Եւ Աստուծմէ չեն վախնար։
20Ամբարիշտը ձեռքը իրեն հետ խաղաղութեան մէջ եղողներուն վրայ երկարեց, Իր ուխտը դրժեց։
21Անոր բերանին խօսքերը կոգիէն կակուղ են, Բայց անոր սիրտին մէջ պատերազմ կայ. Անոր խօսքերը իւղէն կակուղ են, Բայց մերկ սուրեր են։
22Քու հոգդ ձգէ՛ Տէրոջ վրայ, Եւ ան քեզի նեցուկ պիտի ըլլայ. Ան երբե՛ք պիտի չթոյլատրէ որ արդարը սասանի։
23Բայց դուն, ո՛վ Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբը պիտի իջեցնես. Արիւնահեղ ու խաբեբայ մարդիկը իրենց օրերուն կէսին պիտի չհասնին, Սակայն ես քեզի պիտի վստահիմ։