Loading...

Psalm 56

Job  «  Psalm 55  ‹  Psalm 56  ›  Psalm 57  »  Proverbs


ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ Գլխաւոր երաժիշտին. Եոնաթ-Էլէմ-Րեհոգիմի վրայ. Դաւիթի երգը, երբ Փղշտացիները բռնեցին զինք Գէթի մէջ։

1

Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, Որովհետեւ մարդը կ’ուզէ զիս կլլել. Ամէն օր պայքարելով՝ զիս կը տանջէ։

2

1Ոսոխներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել, Քանի շատեր 2գոռոզութեամբ կը պայքարին ինծի դէմ։

3

3Երբ վախնամ՝՝ քեզի պիտի վստահիմ։

4

Աստուծմով պիտի գովաբանեմ իր խօսքը. Աստուծոյ կը վստահիմ, պիտի չվախնամ. 4Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

5

Ամէն օր 5զիս կը վշտացնեն՝՝, Իմ մասիս անոնց բոլոր մտածումները չարութեան համար են։

6

Կը զինակցին, կը պահուըտին, Իմ հետքերս կը դիտեն, Որովհետեւ անձիս կը սպասեն՝ որ զիս կորսնցնեն։

7

Միթէ անօրէնութեամբ պիտի ազատի՞ն. Ո՛վ Աստուած, քու բարկութեամբդ նուաստացո՛ւր ժողովուրդները։

8

Իմ թափառումներս հաշուեցիր. Դի՛ր արցունքներս քու տիկիդ մէջ. Միթէ անոնք քու գիրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։

9

Թշնամիներս պիտի նահանջեն այն օրը՝ երբ քեզի գոչեմ. Ասիկա գիտեմ, որովհետեւ Աստուած ինծի հետ է։

10

Աստուծմո՛վ պիտի գովաբանեմ իր խօսքը, Տէրոջմո՛վ պիտի գովաբանեմ իր խօսքը։

11

Աստուծոյ կը վստահիմ, պիտի չվախնամ. Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

12

Ո՛վ Աստուած, 6քեզի ըրած ուխտերս պիտի կատարեմ՝՝։ Քեզի 7շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ՝՝,

13

Որովհետեւ իմ անձս մահէն ազատեցիր։ Ոտքերս ալ անկումէն զերծ չե՞ս պահեր, Որպէսզի Աստուծոյ առջեւ ընթանամ ապրողներու լոյսին մէջ։



1 Եբր.՝ Դիտողներս
2 Եբր.՝ բարձրէն, կամ՝ ո՛վ Ամենաբարձր
3 Եբր.՝ Վախնալու ժամանակ
4 Եբր.՝ Մարմինը
5 Կամ՝ խօսքերս կը ծռեն
6 Եբր.՝ քու ուխտերդ իմ վրաս են
7 Եբր.՝ շնորհակալութիւն պիտի հատուցանեմ