Psalm 57
Job « Psalm 56 ‹ Psalm 57 › Psalm 58 » Proverbs
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Գլխաւոր երաժիշտին. Ալ-Թաշհէթ. Դաւիթի երգը, երբ Սաւուղի առջեւէն կը փախչէր դէպի քարայրը։
1Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած. ողորմէ՛ ինծի, Որովհետեւ իմ անձս քեզի՛ կ’ապաւինի։ Քու թեւերուդ հովանիին պիտի ապաւինիմ, Մինչեւ որ աղէտները անցնին։
2Ամենաբարձր Աստուծոյն պիտի գոչեմ, Աստուծոյ՝ որ ինծի համար ամէն ինչ կը կատարէ։
3Երկինքէն պիտի ղրկէ եւ զիս ազատէ, Ու պիտի նախատէ զիս կլլել ուզողները. (Սելա.) Աստուած պիտի ղրկէ իր կարեկցութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։
4Իմ անձս առիւծներու մէջ է. 1Բոց փչող՝՝ մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ, Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են, Եւ լեզուն՝ սրածայր սուր։
5Բարձրացի՛ր երկինքի վրայ, ո՛վ Աստուած. Քու փառքդ ամբո՛ղջ երկրի վրայ թող ըլլայ։
6Իմ քայլերուս ցանց պատրաստեցին, Անձս կքեցաւ. Փոս փորեցին առջեւս, Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սելա։)
7Սիրտս 2տրամադիր է, ո՛վ Աստուած, սիրտս տրամադիր է. Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։
8Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ 3փառքս. Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ եւ քնար. Ես արշալոյսին պիտի արթննամ։
9Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի ներբողեմ ժողովուրդներուն մէջ. Քեզի սաղմոս պիտի երգեմ 4ազգերուն մէջ,
10Որովհետեւ քու կարեկցութիւնդ մինչեւ երկինք կը 5հասնի, Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ նօսր ամպերը։
11Բարձրացի՛ր երկինքի վրայ, ո՛վ Աստուած, Քու փառքդ ամբո՛ղջ երկրի վրայ թող ըլլայ։