Psalm 58
Job « Psalm 57 ‹ Psalm 58 › Psalm 59 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՉԱՐԸ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Ալ-Թաշհէթ. Դաւիթի երգը,
1Իրապէս պապանձելո՞վ արդարութիւն կը խօսիք. Ուղղամտութեա՞մբ կը դատէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։
2Մանաւանդ սիրտով անիրաւութիւններ կը գործէք, Երկրի վրայ ձեր ձեռքերով բռնութիւն կը 1բանեցնէք։
3Ամբարիշտները իրենց մօր արգանդէն 2խոտորած են, 3Որովայնէն կը մոլորին՝ սուտ խօսելով։
4Անոնց ժահրը օձի ժահրի նման է։ Խուլ քարբի պէս են՝ որ իր ականջները կը խցէ.
5Ան մտիկ չ’ըներ հմայողներուն ձայնը, Թէեւ 4վարպետութեամբ կը թովեն։
6Ո՛վ Աստուած, փշրէ՛ անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ. Ո՛վ Տէր, կոտրտէ՛ առիւծի կորիւններուն ժանիքները։
7Անոնք թող հալին՝ 5հոսող ջուրերու պէս. Երբ իրենց աղեղները լարեն՝ նետերը արձակելու համար, անոնք թող ծայրատուած ըլլան։
8Խխունջի պէս ըլլան՝ որ գացած ատենը կը հալի, Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս ըլլան՝ որ արեւը չտեսնեն։
9Տակաւին ձեր կաթսաները 6դժնիկներուն կրակը 7չզգացած, Թէ՛ 8թարմ եւ թէ 9բոցավառ դժնիկները մրրիկով պիտի ցրուէ։
10Արդարը պիտի ուրախանայ՝ երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ. Իր ոտքերը ամբարիշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։
11Ուստի մարդ պիտի ըսէ. «Անտարակոյս արդարին համար 10վարձատրութիւն կայ. Անտարակոյս Աստուած մը կայ՝ որ կը դատէ երկրի վրայ»։