Loading...

Psalm 59

Job  «  Psalm 58  ‹  Psalm 59  ›  Psalm 60  »  Proverbs


ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Գլխաւոր երաժիշտին. Ալ-Թաշհէթ. Դաւիթի երգը, երբ Սաւուղ մարդիկ ղրկեց եւ տունը պաշարեցին՝ զինք մեռցնելու համար։

1

Ազատէ՛ զիս թշնամիներէս, ո՛վ իմ Աստուածս. Պաշտպանէ՛ զիս ինծի դէմ կանգնողներէն։

2

Ազատէ՛ զիս անօրէնութիւն գործողներէն, Փրկէ՛ զիս արիւնահեղ մարդոցմէն.

3

Արդարեւ ահա՛ իմ անձիս դէմ դարան մտան, Զօրեղ մարդիկ ինծի դէմ զինակցեցան, Բայց ո՛չ թէ յանցանքիս եւ մեղքիս համար, ո՛վ Տէր։

4

Թէպէտ անօրէնութիւն չունիմ, կը վազեն ու կը պատրաստուին. Արթնցի՛ր, դիմաւորէ՛ զիս եւ նայէ՛։

5

Ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Աստուած, Իսրայէլի՛ Աստուածը, Արթնցի՛ր, որ բոլոր հեթանոսները 1քննես. Ո՛չ մէկ անօրէն անհաւատարիմի ողորմէ։ (Սելա։)

6

Անոնք իրիկունը կը վերադառնան՝ Շունի պէս 2ոռնալով, Ու քաղաքին 3մէջ կը շրջին՝՝։

7

Ահա՛ իրենց բերանէն հայհոյութիւն կը ժայթքեցնեն, Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան, Որովհետեւ կ’ըսեն. «Ո՞վ կը լսէ»։

8

Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս. Բոլոր հեթանոսները պիտի ծաղրես։

9

Ո՛վ 4իմ զօրութիւնս՝՝, քեզի՛ պիտի 5սպասեմ, Քանի Աստուա՛ծ է իմ պատսպարանս։

10

6Իմ Աստուածս իր կարեկցութեամբ՝՝ պիտի ընդառաջէ ինծի. Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի 7ոսոխներուս կորուստը։

11

Մի՛ մեռցներ զանոնք, որպէսզի ժողովուրդս չմոռնայ. Ցնցէ՛ զանոնք քու ոյժովդ, Նուաստացո՛ւր զանոնք, ո՛վ Տէր, մեր վահանը։

12

Թող բռնուին իրենց ամբարտաւանութեան մէջ՝ Իրենց բերանին մեղքին ու շրթունքին խօսքին համար, Նաեւ անէծքին եւ սուտին համար՝ որ կ’արտաբերեն։

13

Սպառէ՛ ցասումով, սպառէ՛ զանոնք՝ որպէսզի չքանան, Ու գիտնան թէ Աստուա՛ծ կը տիրէ Յակոբի վրայ, Մինչեւ երկրի ծայրերը։ (Սելա։)

14

Անոնք իրիկունը պիտի վերադառնան՝ Շունի պէս ոռնալով, Եւ քաղաքին մէջ պիտի շրջին։

15

Կերակուրի համար աստանդական պիտի շրջին. Եթէ չկշտանան՝ ա՛յդպէս 8պիտի գիշերեն՝՝։

16

Իսկ ես քու զօրութիւնդ պիտի երգեմ, Առտուն քու կարեկցութեամբդ պիտի ցնծամ, Որովհետեւ դուն ինծի միջնաբերդ եղար Եւ ապաստանարան՝ իմ տագնապիս օրը։

17

Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի՛ սաղմոս պիտի երգեմ, Քանի իմ պատսպարանս Աստուա՛ծ է, 9Ինծի կարեկից Աստուածը՝՝։



1 Եբր.՝ աչքէ անցընես
2 Եբր.՝ գոռալով
3 Եբր.՝ շուրջը կը դառնան
4 Կամ՝ անոր զօրութիւնը
5 Եբր.՝ դիտեմ
6 Եբր.՝ Կարեկցութեանս Աստուածը
7 Եբր.՝ դիտողներուս
8 Կամ՝ պիտի տրտնջեն
9 Եբր.՝ Կարեկցութեանս Աստուածը