Loading...

Psalm 60

Job  «  Psalm 59  ‹  Psalm 60  ›  Psalm 61  »  Proverbs


պատերազմեցաւ Միջագետքի Ասորիներուն եւ Սուբայի Ասորիներուն դէմ, ու Յովաբ՝ վերադառնալով՝ Եդովմայեցիներէն տասներկու հազար հոգի զարկաւ Աղի ձորին մէջ։


ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Գլխաւոր երաժիշտին. Շուշան-Էտութ՝՝ի վրայ. Դաւիթի երգը՝ սորվեցնելու համար, երբ

1

Ո՛վ Աստուած, մեզ մերժեցիր, Մեզ 1ցրուեցիր ու բարկացար. 2Վերադարձի՛ր մեզի՝՝։

2

Երկիրը շարժեցիր, զայն ճեղքեցիր. 3Նորոգէ՛ անոր փլած տեղերը, որովհետեւ կ’երերայ։

3

Քու ժողովուրդիդ տաժանք ցոյց տուիր. Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։

4

Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր, Որ 4ճշմարտութեան համար պարզեն՝՝. (Սելա.)

5

Որպէսզի քու սիրելիներդ ազատին։ Փրկէ՛ աջ ձեռքովդ, ու պատասխանէ՛ ինծի։

6

Աստուած իր 5սրբութեամբ խօսեցաւ. «Ես պիտի հրճուիմ՝ Սիւքէմը բաժնելով, Ու Սոկքովթի հովիտը չափելով։

7

Գաղաադ իմս է, Մանասէ իմս է, Եփրեմ գլուխիս 6զօրութիւնն է. Յուդա իմ օրէնսդիրս է։

8

Մովաբ իմ լուացուելու կոնքս է. Եդովմի վրայ պիտի ձգեմ իմ կօշիկս։ Ո՛վ 7Փղշտացիներ, գոչեցէ՛ք ինծի համար»։

9

Ո՞վ պիտի տանի զիս 8ամրացած քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ զիս մինչեւ Եդովմ։

10

Միթէ դուն չե՞ս, ո՛վ Աստուած, որ մեզ մերժեցիր, Ու մեր զօրքերուն հետ 9չգացիր, ո՛վ Աստուած։

11

Օգնութի՛ւն տուր մեզի՝ տագնապի մէջէն ելլելու, Որովհետեւ ընդունայն է մարդուն 10օգնութիւնը.

12

Աստուծմո՛վ ոյժ պիտի բանեցնենք. Ա՛ն պիտի կոխկռտէ մեր թշնամիները։



1 Եբր.՝ պատռեցիր
2 Կամ՝ Վերադարձո՛ւր մեզ
3 Եբր.՝ Բուժէ՛
4 Կամ՝ փախչին աղեղին առջեւէն
5 Կամ՝ սրբարանին մէջ
6 Եբր.՝ ամրոցն
7 Եբր.՝ Պաղեստին
8 Եբր.՝ պատնէշով
9 Եբր.՝ դուրս չելար
10 Եբր.՝ ազատութիւնը