Loading...

Psalm 61

Job  «  Psalm 60  ‹  Psalm 61  ›  Psalm 62  »  Proverbs


ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ Գլխաւոր երաժիշտին. նկինօթի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ 1պաղատանքս, Եւ ուշադի՛ր եղիր աղօթքիս։

2

Քեզի պիտի գոչեմ երկրի ծայրէն՝ երբ սիրտս թալկանայ. Առաջնորդէ՛ զիս դէպի 2ինձմէ բարձր եղող վէմը,

3

Որովհետեւ դուն ինծի ապաւէն եղար, Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։

4

Ես քու վրանիդ մէջ պիտի 3բնակիմ յաւիտենապէս. Քու թեւերուդ ծածկոյթին պիտի ապաւինիմ։ (Սելա։)

5

Արդարեւ դուն, ո՛վ Աստուած, լսեցիր իմ ուխտերս, Ինծի տուիր քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը։

6

Թագաւորին օրերուն վրայ օրե՛ր աւելցուր. Անոր տարիները սերունդէ սերունդ թող ըլլան.

7

Յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ թող բազմի. 4Հրահանգէ՛ կարեկցութեան եւ ճշմարտութեան, որպէսզի զինք պաշտպանեն։

8

Այն ատեն յաւերժ սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ, Որպէսզի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։



1 Եբր.՝ ճիչս
2 Եբր.՝ ինծի համար շատ
3 Եբր.՝ պանդխտանամ
4 Եբր.՝ Սահմանէ՛