Psalm 62
Job « Psalm 61 ‹ Psalm 62 › Psalm 63 » Proverbs
ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ Գլխաւոր երաժիշտին՝ Իդիթունի համաձայն. Դաւիթի սաղմոսը։
1Իմ անձս միայն Աստուծոյ 1կը վստահի՝՝. Իրմէ՛ է իմ փրկութիւնս.
2Միայն ի՛նք է իմ վէմս ու փրկութիւնս. Իմ միջնաբերդս է, շատ պիտի չսասանիմ։
3Մինչեւ ե՞րբ մարդու մը վրայ պիտի յարձակիք. Բոլո՛րդ ալ պիտի ջախջախուիք՝ Ծռած պատի ու խախուտ ցանկապատի պէս։
4Անոնք կը խորհրդակցին՝ միայն զայն իր վեհութենէն 2վար ձգելու՝՝ համար. Ստութեան կը հաւանին. Իրենց բերանով կ’օրհնեն, Բայց իրենց սիրտով կ’անիծեն։ (Սելա։)
5Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ 3վստահէ, Որովհետեւ իրմէ է իմ յոյսս։
6Միայն ի՛նք է իմ վէմս եւ փրկութիւնս. Իմ միջնաբերդս է, պիտի չսասանիմ։
7Իմ փրկութիւնս ու փառքս Աստուծմէ՛ են. Իմ զօրութեանս վէմը եւ ապաւէնս Աստուա՛ծ է։
8Ամէն ժամանակ վստահեցէ՛ք անոր, ո՛վ ժողովուրդ. 4Բացէ՛ք ձեր սիրտերը անոր առջեւ, Որովհետեւ Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սելա։)
9Անտարակոյս ռամիկ մարդիկը ունայնութիւն են, Ազնուական մարդիկը սուտ են. Եթէ կշիռքի մէջ դրուին, Բոլորն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։
10Հարստահարութեան մի՛ վստահիք, Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք. Եթէ հարստութիւնը շատնայ, Ձեր սիրտը անոր 5մի՛ կապէք՝՝։
11Մէկ անգամ Աստուած խօսեցաւ, Երկու անգամ սա՛ լսեցի, Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։
12Կարեկցութիւնն ալ քեզի կը պատկանի, ո՛վ Տէր. Որովհետեւ իւրաքանչիւրին կը հատուցանես իր գործին համեմատ։