Psalm 63
Job « Psalm 62 ‹ Psalm 63 › Psalm 64 » Proverbs
ՓԱՓԱՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ Դաւիթի սաղմոսը, երբ Յուդայի անապատին մէջ էր։
1Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս. Արշալոյսին քե՛զ կը փնտռեմ։ Անձս կը ծարաւնայ քեզի, ու մարմինս կը կարօտնայ քեզ, Անջրդի եւ ծարաւուտ երկրի մը մէջ՝ ուր ջուր չկայ,
2Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համար՝ Ինչպէս քեզ դիտած եմ սրբարանին մէջ։
3Քանի քու կարեկցութիւնդ կեանքէն լաւ է, Իմ շրթունքս քեզ պիտի դրուատէ։
4Այսպէս՝ քեզ պիտի օրհնաբանեմ որքան ատեն որ ապրիմ, Քու անունովդ ձեռքերս պիտի բարձրացնեմ։
5Իմ անձս պիտի կշտանայ՝ իբր թէ ճարպով ու պարարտութեամբ, Եւ իմ բերանս պիտի գովաբանէ քեզ ցնծութեան շրթունքով։
6Երբ անկողինիս վրայ քեզ կը յիշեմ, Գիշերուան պահերուն մէջ քու մասիդ կը խորհրդածեմ.
7Որովհետեւ ինծի օգնական եղար, Ու քու թեւերուդ հովանիին տակ պիտի ցնծամ։
8Իմ անձս քեզի կը յարի, Քու աջ ձեռքդ ինծի նեցուկ կ’ըլլայ.
9Բայց անոնք որ անձս կը փնտռեն՝ զայն 1կորսնցնելու համար, Երկրի ստորին մասերը պիտի մտնեն,
102Սուրով պիտի իյնան՝՝, 3Աղուէսներու բաժին պիտի ըլլան։
11Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ. Ո՛վ որ անով երդում ընէ՝ պիտի պարծենայ, Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի փակուի։