Loading...

Psalm 64

Job  «  Psalm 63  ‹  Psalm 64  ›  Psalm 65  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։

1

Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս՝ երբ կը գանգատիմ. Պահպանէ՛ կեանքս թշնամիին երկիւղէն։

2

1Պահէ՛ զիս չարագործներուն խորհրդաժողովէն, Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն,

3

Որոնք իրենց լեզուները սուրի պէս կը սրեն, Իրենց աղեղները կը լարեն՝ որ իրենց նետերը — լեղի խօսքերը —

4

Ծածուկ տեղէն արձակեն պարկեշտին. Յանկարծակի անոր կ’արձակեն, ու չեն վախնար։

5

Իրենց չար արարքներուն մէջ 2կը քաջալերուին՝՝, Որոգայթներ թաղելու մասին կը խօսակցին. Կ’ըսեն. «Ո՞վ պիտի տեսնէ զանոնք»։

6

Անիրաւութիւն կը 3հնարեն, Ու կ’ըսեն. «4Վերջացուցինք մեր ծրագրածը՝՝»։ Իւրաքանչիւրին ներսը եւ սիրտը խորունկ են։

7

Բայց Աստուած իր նետը անոնց պիտի արձակէ. Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։

8

Անոնց լեզուն զիրենք պիտի 5տապալէ իրարու վրայ. Բոլոր զանոնք տեսնողները պիտի փախչին։

9

Բոլոր մարդիկը պիտի վախնան. Աստուծոյ արարքները պիտի հռչակեն, Եւ անոր գործին 6ուշադրութիւն դարձնեն՝՝։

10

Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ, եւ անոր պիտի ապաւինի. Ամէն սիրտով ուղիղ՝ անով պիտի պարծենայ։



1 Եբր.՝ Ծածկէ՛
2 Եբր.՝ կ’ուժովնան
3 Եբր.՝ փնտռեն
4 Եբր.՝ Մեր փնտռած փնտռտուքը վերջացաւ
5 Եբր.՝ գայթեցնէ
6 Եբր.՝ հասկնան