Loading...

Psalm 65

Job  «  Psalm 64  ‹  Psalm 65  ›  Psalm 66  »  Proverbs


ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը. երգ։

1

Ո՛վ Աստուած, 1վստահաբար պիտի գովաբանուիս Սիոնի մէջ, Ու քեզի եղած ուխտը պիտի կատարուի։

2

Ո՛վ աղօթք լսող, Ամէն 2մարդ քեզի պիտի գայ։

3

3Անօրէնութիւնները ինձմէ զօրաւոր եղան. Դո՛ւն պիտի քաւես մեր յանցանքները։

4

Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, Որպէսզի բնակի քու գաւիթներուդ մէջ. Պիտի կշտանանք քու տանդ՝ Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։

5

Ահաւոր արարքներով՝ արդարութեամբ պիտի պատասխանես մեզի, Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, Երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն ապահովութիւնը։

6

Դո՛ւն լեռները հաստատեցիր քու կարողութեամբդ՝ Զօրութեամբ գօտեւորուելով։

7

Դուն կը հանդարտեցնես ծովերուն ժխորը, Անոնց ալիքներուն ժխորը, Եւ 4ազգերուն դղրդիւնը։

8

Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ. Առտուան եւ իրիկուան ելքը դուն կը ցնծացնես։

9

Երկիրը աչքէ կ’անցընես ու զայն կը ջրես, Զայն առատօրէն կը հարստացնես. Աստուծոյ առուն ջուրով լեցուն է։ 5Անոնց ցորեն կը պատրաստես, Որովհետեւ սա՛պէս կը պատրաստես 6զայն.—

10

Անոր ակօսները կ՛ոռոգես, Անոր ճեղքերը կը հարթես, Զայն կը կակուղցնես տարափներով, Անոր մէջ բուսածը կ’օրհնես։

11

Տարին կը 7պսակես քու բարիքներովդ, Եւ քու արահետներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն.

12

Անապատի մարգագետիններուն վրայ կը կաթեցնեն, Ու բլուրները խայտանքով կը գօտեւորուին։

13

Արօտները հօտերով կը ծածկուին, Եւ հովիտները՝ ցորենով։ Անոնք ցնծութեամբ կը գոռան ու կ’երգեն։



1 Եբր.՝ լռութեամբ
2 Եբր.՝ մարմին
3 Կամ՝ Անօրէնութեան խօսքերը
4 Եբր.՝ բնակչութիւններուն
5 Այսինքն՝ Մարդոց
6 Այսինքն՝ երկիրը
7 Եբր.՝ թագադրես