Psalm 66
Job « Psalm 65 ‹ Psalm 66 › Psalm 67 » Proverbs
ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ Գլխաւոր երաժիշտին. սաղմոս. երգ։
1Ցնծութեա՛մբ գոչեցէք Աստուծոյ, դուք բոլորդ՝ երկրի բնակիչներ։
2Սաղմո՛ս երգեցէք անոր անունին փառքին, Փառաւո՛ր ըրէք անոր գովաբանութիւնը։
3Ըսէ՛ք Աստուծոյ. «Ո՜րքան ահաւոր են քու գործերդ. Թշնամիներդ քեզի պիտի 1հպատակին՝ Քու մեծ զօրութեանդ համար։
4Ամբողջ երկիրը պիտի երկրպագէ քեզի, Սաղմոս պիտի երգէ քեզի, Սաղմոս պիտի ըսէ քու անունիդ»։ (Սելա։)
5Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Աստուծոյ գործերը. Ան իր արարքներով ահեղ է մարդոց 2որդիներուն հանդէպ՝՝։
6Ծովը ցամաքի վերածեց, Գետէն ոտքով անցան. Հոն իրմով ուրախացանք։
7Իր զօրութեամբ յաւիտեան կը տիրէ. Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն. Ապստամբները իրենք զիրենք թող չբարձրացնեն։ (Սելա։)
8Ո՛վ ժողովուրդներ, օրհնաբանեցէ՛ք մեր Աստուածը. Լսե՛լ տուէք անոր գովաբանութեան ձայնը։
9Ի՛նք մեր անձը 3ողջ կը պահէ՝՝, Եւ չի թոյլատրեր որ մեր ոտքերը սահին։
10Արդարեւ դուն փորձարկեցիր մեզ, ո՛վ Աստուած. Զտեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը զտուի։
11Մեզ ցանցի մէջ մտցուցիր. Ծանր բեռ դրիր մեր մէջքին վրայ։
12Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր. Կրակն ու ջուրը մտանք, Սակայն մեզ դուրս հանեցիր՝ առատութեան տեղը։
13Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ. Պիտի կատարեմ ուխտերս՝
14Որոնք շրթունքս 4խոստացաւ, Եւ տագնապիս մէջ բերանս խօսեցաւ։
15Պարարտ անասուններ պիտի մատուցանեմ քեզի իբր ողջակէզ՝ խոյերու խունկով. Արջառներէն զուարակներ պիտի զոհեմ՝ նոխազներու հետ։ (Սելա։)
16Եկէ՛ք ու լսեցէ՛ք, դուք բոլորդ՝ որ Աստուծմէ կը վախնաք, Եւ պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։
17Բերանովս անոր գոչեցի, Ու լեզուովս 5զինք բարձրացուցի՝՝։
18Եթէ սիրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի՝ Տէրը պիտի չլսէր։
19Սակայն Աստուած լսեց, Աղօթքիս ձայնին ուշադիր եղաւ։
20Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած՝ որ աղօթքս չմերժեց, Եւ իր կարեկցութիւնը ինձմէ չհեռացուց։