Psalm 67
Job « Psalm 66 ‹ Psalm 67 › Psalm 68 » Proverbs
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ Գլխաւոր երաժիշտին. նկինօթի վրայ. սաղմոս. երգ։
1Աստուած թող ողորմի մեզի եւ օրհնէ մեզ, Իր երեսը թող 1պայծառացնէ մեր վրայ, (Սելա,)
2Որպէսզի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի, Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։
3Ժողովուրդները քե՛զ թող ներբողեն, ո՛վ Աստուած. Բոլո՛ր ժողովուրդները քե՛զ թող ներբողեն։
42Ազգերը թող ուրախանան եւ ցնծան, Որովհետեւ ժողովուրդները ուղղամտութեամբ պիտի դատես, Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սելա։)
5Ժողովուրդները քե՛զ թող ներբողեն, ո՛վ Աստուած, Բոլո՛ր ժողովուրդները քե՛զ թող ներբողեն։
6Գետինը իր արգասիքը պիտի տայ, Եւ Աստուած — մեր Աստուածը — մեզ պիտի օրհնէ։
7Աստուած մեզ պիտի օրհնէ, Ու երկրի բոլոր ծայրերը իրմէ պիտի վախնան։