Loading...

Psalm 68

Job  «  Psalm 67  ‹  Psalm 68  ›  Psalm 69  »  Proverbs


ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը. երգ։

1

Աստուած թող կանգնի, իր թշնամիները թող ցրուին, Եւ զինք ատողները իր 1առջեւէն թող փախչին։

2

Տարտղնէ՛ զանոնք՝ ինչպէս մուխը կը տարտղնուի. Ինչպէս մեղրամոմը կրակին առջեւ կը հալի, Ա՛յնպէս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ առջեւէն։

3

Բայց արդարները թող ուրախանան, Աստուծոյ առջեւ թող հրճուին Եւ ուրախութեամբ թող բերկրին։

4

Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմո՛ս ըսէք անոր անունին. Ճամբա՛յ պատրաստեցէք 2ամպերու վրայ՝՝ հեծնողին։ Անոր անունը 3Եահ է. Հրճուեցէ՛ք անոր առջեւ։

5

Որբերուն հայրն ու այրիներուն դատաւորը Աստուած է՝ իր սուրբ բնակավայրին մէջ։

6

Աստուած միայնակ եղողները 4ընտանիքի մէջ կը բնակեցնէ, Կապուածները 5ազատ կ’արձակէ՝՝ ու կ’երջանկացնէ, Բայց ապստամբները չոր տեղեր կը բնակին։

7

Ո՛վ Աստուած, երբ քու ժողովուրդիդ առջեւէն 6գացիր, Երբ անապատէն յառաջացար, (Սելա,)

8

Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ առջեւ. Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն առջեւ։

9

Ո՛վ Աստուած, քու ժառանգութեանդ 7առատ տեղատարափ 8տուիր. Երբ հիւծած էր՝ դուն զայն հաստատեցիր։

10

Քու 9ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ. Քու 10բարիքներդ դժբախտին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։

11

Տէրը պատգամ տուաւ, Աւետաբեր կիները մեծ զօրաբաժին եղան.

12

«Զօրքերուն թագաւորները կը փախչի՜ն, կը փախչի՜ն», Եւ տան մէջ բնակող կինը աւարը կը բաժնէ։

13

Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլաք, Աղաւնիի թեւերուն պէս պիտի ըլլաք՝ որոնք արծաթով ծածկուած են, Իսկ անոր փետուրները՝ դեղնորակ ընտիր ոսկիով։

14

Երբ Ամենակարողը այդ երկրին մէջ թագաւորներ 11ցրուեց, Երկիրը ճերմկցաւ Սելմոնի ձիւնին պէս։

15

Աստուծոյ լեռը Բասան լերան պէս է, Բազմագագաթ լեռը մը՝ Բասան լերան պէս։

16

Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք Այն լերան՝ ուր Աստուած 12փափաքեցաւ բնակիլ. Այո՛, Տէրը հոն պիտի բնակի ընդմիշտ։

17

Աստուծոյ կառքերը քսան հազար են, 13հազարներով հազար՝՝. Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղը՝ ինչպէս Սինայի մէջ։

18

Բարձր վայրը ելար, գերութիւնը գերեվարեցիր, Պարգեւներ առիր մարդոց համար, Նոյնիսկ ապստամբներուն համար, Որպէսզի 14Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի։

19

Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը օրէ օր. Երբ բեռնաւորուինք՝ Աստուած մեզ կը փրկէ։ (Սելա։)

20

Մեր Աստուածը փրկութեան Աստուածն է, Մահէն 15ազատողը Տէրն է՝ Եհովան.

21

Սակայն Աստուած պիտի կոտրէ իր թշնամիներուն գլուխը, Նաեւ իր յանցանքներուն մէջ ընթացողին մազոտ գագաթը։

22

Տէրը ըսաւ. «Իմ ժողովուրդս Բասանէն պիտի վերադարձնեմ, Ծովուն խորխորատներէն պիտի վերադարձնեմ,

23

Որպէսզի ոտքդ թշնամիներու արիւնին մէջ թաթխուի, Եւ շուներուդ լեզուն իր բաժինը առնէ»։

24

Քու շքերթներդ տեսան, ո՛վ Աստուած. Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս շքերթները՝ սրբարանին մէջ։

25

Առջեւէն երգողները կ’երթային, Ետեւէն՝ նուագահարները, Թմբկահար օրիորդներուն մէջտեղը.

26

«Օրհնաբանեցէ՛ք Աստուած համախմբումներուն մէջ, Օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։

27

Հոն է կրտսեր Բենիամինը՝ որ անոնց կը տիրապետէ, Հոն են Յուդայի իշխանաւորները՝ իրենց բազմութեամբ, Զաբուղոնի իշխանաւորներն ու Նեփթաղիմի իշխանաւորները։

28

Քու Աստուա՛ծդ 16ապահովեց զօրութիւնդ. Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, ինչ որ մեզի համար ըրիր։

29

Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝ Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։

30

Սաստէ՛ եղէգներու մէջ բնակող գազանը, 17ցուլերուն խումբը՝ Ժողովուրդներուն հորթերուն հետ, Որպէսզի հպատակին՝ արծաթի կտորներ բերելով. Ցրուէ՛ պատերազմէն ախորժող ժողովուրդները։

31

Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան. Եթովպիա իր ձեռքերը 18աճապարանքով պիտի երկարէ՝՝ Աստուծոյ։

32

Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ, Սաղմո՛ս ըսէք Տէրոջ, (Սելա,)

33

Անոր՝ որ երկինքին վրայ կը 19նստի, 20յաւիտենական երկինքին վրայ. Ահա՛ ան իր ձայնը լսել կու տայ, իր զօրաւոր ձայնը։

34

21Փա՛ռք տուէք Աստուծոյ. Անոր մեծափառութիւնը Իսրայէլի վրայ է, Եւ անոր զօրութիւնը նօսր ամպերուն մէջ է։

35

Ահեղ ես, ո՛վ Աստուած, քու սրբարաններուդ մէջ։ Նոյնինքն Իսրայէլի Աստուա՛ծն է Որ զօրութիւն ու կարողութիւն կու տայ իր ժողովուրդին։ Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած։



1 Եբր.՝ երեսէն
2 Կամ՝ անապատի մէջ
3 Կամ՝ Եհովա, այսինքն՝ Ա՛ն՝ որ է, կամ՝ Յաւիտենականը
4 Եբր.՝ տան
5 Եբր.՝ դուրս կը հանէ
6 Եբր.՝ դուրս ելար
7 Եբր.՝ յօժարակամ
8 Եբր.՝ ցօղեցիր
9 Եբր.՝ զօրագունդդ
10 Եբր.՝ բարութեամբդ
11 Եբր.՝ տարածեց
12 Եբր.՝ ցանկաց
13 Կամ՝ հազարաւոր հրեշտակներ
14 Եբր.՝ Եահ
15 Եբր.՝ դուրս հանողը
16 Եբր.՝ պատուիրեց
17 Կամ՝ հզօրներուն
18 Եբր.՝ վազել պիտի տայ
19 Կամ՝ հեծնէ
20 Եբր.՝ վաղեմի
21 Եբր.՝ Զօրութի՛ւն