Psalm 69
Job « Psalm 68 ‹ Psalm 69 › Psalm 70 » Proverbs
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ Գլխաւոր երաժիշտին. Շոշանիմի վրայ. Դաւիթի սաղմոսը։
1Փրկէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած, Որովհետեւ ջուրերը իմ անձիս հասան։
2Խորունկ ցեխի մէջ կը մխրճուիմ՝ Ուր կայնելու տեղ չկայ։ Ջուրերուն խորերը մտայ, Ու հոսանքները զիս ընկղմեցին։
31Գոչելէն յոգնեցայ, կոկորդս հրաբորբոք է. Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։
4Առանց 2պատճառի զիս ատողները գլուխիս մազերէն շատ են. Ընդունայն ինծի թշնամանալով զիս բնաջնջել ուզողները զօրացան. 3Ի՞նչպէս վերադարձնեմ ինչ որ յափշտակած չեմ։
5Ո՛վ Աստուած, դուն գիտես իմ յիմարութիւնս, Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։
6Քեզի յուսացողները իմ պատճառովս թող չամչնան, Ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Տէր. Քեզ փնտռողները իմ պատճառովս թող չխայտառակուին, Ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը։
7Արդարեւ 4քեզի համար՝՝ նախատինք կրեցի, 5Ամօթը ծածկեց երեսս։
8Եղբայրներուս օտար եղայ, Եւ մօրս որդիներուն՝ 6անծանօթ.
9Որովհետեւ քու տանդ նախանձախնդրութիւնը զիս կլանեց, Ու քեզ 7անարգողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։
10Երբ լացի եւ անձս ծոմապահութեամբ խոնարհեցուցի, Ասիկա ինծի նախատինք եղաւ.
11Նաեւ քուրձը ինծի հանդերձ ընելով՝ Անոնց 8նշաւակ դարձայ։
12Դուռը նստողները իմ մասիս կը խօսին, Ու գինեմոլներու տաղերգութեան նիւթը եղայ։
13Բայց ես քեզի՛ կ’ուղղեմ իմ աղօթքս, Ո՛վ Տէր, 9պատեհ ժամանակին։ Ո՛վ Աստուած, քու մեծ կարեկցութեամբդ Պատասխանէ՛ ինծի՝ քու փրկութեանդ ճշմարտութեամբ։
14Հանէ՛ զիս 10սիկէն՝ որ չմխրճուիմ, Եւ ազատիմ զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն։
15Ջուրերուն հոսանքը զիս թող չընկղմէ, Խորխորատը զիս թող չկլլէ, Եւ 11ջրհորը իր բերանը վրաս թող չգոցէ։
16Պատասխանէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, Որովհետեւ քու կարեկցութիւնդ 12քաղցր է։ Դարձի՛ր ինծի՝ քու առատ գթութեանդ համաձայն,
17Ու երեսդ մի՛ ծածկեր քու ծառայէդ, Որովհետեւ տագնապի մէջ եմ։ Շտապելո՛վ պատասխանէ ինծի.
18Մօտեցի՛ր իմ անձիս եւ ազատէ՛ զայն, Փրկէ՛ զիս՝ իմ թշնամիներուս պատճառով։
19Դուն գիտես իմ նախատինքս, ամօթս ու խայտառակութիւնս. Բոլոր հակառակորդներս քու առջեւդ են։
20Նախատինքը սիրտս կոտրեց, եւ հիւանդացայ. Ցաւակից մը ակնկալեցի, բայց ո՛չ մէկը կար. Մխիթարիչ փնտռեցի՝ բայց չգտայ։
21Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի, Ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի։
22Անոնց սեղանը իրենց առջեւ վարմ թող ըլլայ, Եւ 13յաջողութիւնը՝ որոգայթ։
23Անոնց աչքերը թող խաւարին՝ որպէսզի չտեսնեն. Անոնց մէջքերը շա՛րունակ դողացուր։
24Քու սրտմտութիւնդ թափէ՛ անոնց վրայ, Ու բորբոքած բարկութիւնդ թող հասնի անոնց վրայ։
25Անոնց 14բնակարանը ամայի թող ըլլայ, Եւ անոնց վրաններուն մէջ ո՛չ մէկը բնակի.
26Որովհետեւ անոնք կը հալածեն ա՛ն՝ որ դուն զարկիր, Եւ կը խօսին քու վիրաւորածներուդ կոտտանքին մասին։
27Անոնց անօրէնութեան վրայ անօրէնութի՛ւն 15աւելցուր, Որպէսզի քու արդարութեանդ չհասնին։
28Կեանքի գիրքէն թող ջնջուին, Եւ արդարներուն հետ չարձանագրուին։
29Բայց ես դժբախտ ու վշտաբեկ եմ. Ո՛վ Աստուած, քու փրկութիւնդ թող պաշտպանէ զիս։
30Աստուծոյ անունը պիտի գովաբանեմ երգով, Ու զայն պիտի մեծարեմ ներբողով։
31Ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն կամ զուարակէն Աւելի՛ 16հաճելի պիտի ըլլայ Տէրոջ։
32Հեզերը պիտի տեսնեն եւ ուրախանան. Ո՛վ Աստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի,
33Որովհետեւ Տէրը աղքատները կը լսէ, Եւ իր 17բանտարկեալները չ’արհամարհեր։
34Երկինքն ու երկիրը թող գովաբանեն զայն, Նաեւ ծովը եւ բոլոր անոր մէջ շարժողները.
35Արդարեւ Աստուած Սիոնը պիտի փրկէ, Յուդայի քաղաքները պիտի կառուցանէ, Եւ հոն պիտի բնակին ու տիրանան անոր։
36Իր ծառաներուն զարմը պիտի ժառանգէ զայն, Եւ իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։