Psalm 71
Job « Psalm 70 ‹ Psalm 71 › Psalm 72 » Proverbs
ԾԵՐՈՒՆԻԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
1Ո՛վ Տէր, քեզի՛ ապաւինեցայ. Երբե՛ք թող չամչնամ։
2Ազատէ՛ զիս քու արդարութեամբդ, ու 1փրկէ՛ զիս. Դարձո՛ւր ականջդ ինծի եւ ազատէ՛ զիս։
32Բնակութեան վէ՛մ եղիր ինծի, Որպէսզի շարունակ հոն երթամ. Դո՛ւն պատուիրեցիր զիս փրկել, Որովհետեւ դո՛ւն ես իմ ժայռս ու բերդս։
4Ո՛վ իմ Աստուածս, ազատէ՛ զիս ամբարիշտին ձեռքէն, Անիրաւին եւ բռնաւորին ձեռքէն.
5Որովհետեւ դո՛ւն ես իմ յոյսս, ո՛վ Տէր Եհովա. Դո՛ւն ես իմ վստահութիւնս՝ մանկութենէս ի վեր։
6Ես քո՛ւ վրադ յենեցայ 3արգանդէն, 4Դո՛ւն ես իմ պաշտպանս՝ մօրս որովայնէն՝՝. Դո՛ւն ես շարունակ իմ գովաբանութեանս առարկան։
7Հրաշալիքի պէս եմ շատերուն, Բայց դո՛ւն ես իմ ամուր ապաւէնս։
8Բերանս քո՛ւ գովաբանութեամբդ լեցուն է, Քո՛ւ պարծանքովդ՝ ամէն օր։
9Զիս մի՛ ձգեր ծերութեան ատեն. Զիս մի՛ լքեր՝ երբ ոյժս սպառի։
10Արդարեւ թշնամիներս ինծի դէմ կը խօսին, Իմ անձիս վրայ հսկողները միասին կը խորհրդակցին՝
11Ըսելով. «Աստուած լքեց զայն. Հետապնդեցէ՛ք ու բռնեցէ՛ք զայն, Քանի ո՛չ մէկը զինք պիտի ազատէ»։
12Ո՛վ Աստուած, մի՛ հեռանար ինձմէ. Ո՛վ իմ Աստուածս, արտորա՛ ինծի օգնելու։
13Թող ամչնան եւ 5բնաջնջուին իմ անձիս ընդդիմացողները, Նախատինքով ու խայտառակութեամբ թող ծածկուին ինծի չարիք 6ուզողները։
14Բայց ես շարունակ պիտի յուսամ, Եւ քու բոլոր գովաբանութիւններուդ վրայ ուրիշներ պիտի աւելցնեմ։
15Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ, Ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ, Քանի անոնց հաշիւը չեմ գիտեր։
16Պիտի 7քալեմ Տէր Եհովայի զօրութեամբ. Քու արդարութիւնդ պիտի յիշատակեմ, միա՛յն քուկդ։
17Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի, Ու մինչեւ հիմա քու սքանչելիքներդ հռչակեցի.
18Ծերութեանս եւ ալեւորութեանս մէջ ալ Զիս մի՛ լքեր, ո՛վ Աստուած, Մինչեւ որ հռչակեմ քու 8կարողութիւնդ յաջորդ սերունդին, Եւ քու զօրութիւնդ բոլոր անոնց՝ որ պիտի գան։
19Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ո՛վ Աստուած. Դուն մեծագործութիւններ կատարեցիր, Քեզի պէս ո՞վ կայ, ո՛վ Աստուած։
20Դուն՝ որ բազմաթիւ ու 9չարչարալից տագնապներ 10կրել տուիր՝՝ ինծի, Զիս պիտի վերապրեցնես. Զիս դարձեալ պիտի բարձրացնես երկրի անդունդներէն։
21Իմ մեծութիւնս պիտի 11ճոխացնես, Եւ զիս 12ամէն կողմէ պիտի հանգստացնես՝՝։
22Ես ալ քեզ պիտի ներբողեմ տաւիղով՝ Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս. Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով, Ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը։
23Երբ քեզի սաղմոս երգեմ՝ շրթունքս պիտի ցնծայ, Նաեւ իմ անձս՝ որ դուն փրկեցիր։
24Իմ լեզուս ալ ամէն օր քու արդարութիւնդ պիտի 13հռչակէ, Որովհետեւ ինծի չարիք 14ուզողները ամչցան ու շիկնեցան։