Loading...

Psalm 72

Job  «  Psalm 71  ‹  Psalm 72  ›  Psalm 73  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Սողոմոնի համար՝՝

1

Ո՛վ Աստուած, 1վստահէ՛ քու դատաստաններդ թագաւորին, Եւ արդարութիւնդ՝ թագաւորին որդիին։

2

Ան արդարութեամբ պիտի դատէ քու ժողովուրդդ, Ու կանոնին համաձայն՝ դժբախտներդ։

3

Լեռները խաղաղութիւն պիտի բերեն ժողովուրդին, Բլուրներն ալ՝ 2արդարութիւն։

4

Ժողովուրդին դժբախտներուն դատը պիտի պաշտպանէ, Աղքատին որդիները պիտի ազատէ, Եւ հարստահարիչը պիտի ճզմէ։

5

Քեզմէ պիտի վախնան՝ 3քանի արեւն ու լուսինը կը մնան՝՝, Սերունդէ սերունդ։

6

Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ, Տարափներու պէս՝ որոնք 4գետինը կը կակուղցնեն։

7

Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի, Եւ 5շատ խաղաղութիւն՝՝ պիտի ըլլայ, Մինչեւ որ ա՛լ լուսին չըլլայ։

8

Ան ծովէ ծով պիտի տիրապետէ, Ու Գետէն մինչեւ երկրի ծայրերը։

9

Անապատին բնակիչները անոր առջեւ պիտի 6ծնրադրեն, Եւ անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն։

10

Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի 7մատուցանեն, Շաբայի եւ Սաբայի թագաւորները պարգեւ պիտի բերեն։

11

Բոլոր թագաւորները անոր պիտի երկրպագեն, Բոլոր ազգերը 8անոր պիտի ծառայեն՝՝։

12

Արդարեւ աղքատը պիտի ազատէ՝ երբ աղաղակէ, Դժբախտն ալ, եւ ա՛ն՝ որ օգնական չունի։

13

Չքաւորին եւ աղքատին պիտի խղճայ, Աղքատներուն անձերը պիտի ազատէ.

14

Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը, Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր 9առջեւ։

15

Պիտի ապրի, ու Շաբայի ոսկիէն պիտի տան անոր. Շարունակ պիտի աղօթեն անոր համար, Ամէն օր պիտի օրհնեն զայն։

16

Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ Լեռներուն գագաթը. Անոր 10հասկերը Լիբանանի ծառերուն պէս պիտի շարժին. 11Քաղաքացիները գետինի 12խոտին պէս պիտի բուսնին։

17

Անոր անունը յաւիտենական պիտի ըլլայ. Քանի արեւը կը մնայ՝ անոր անունն ալ պիտի մնայ, Ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին. Բոլոր ազգերը երանելի պիտի կոչեն զայն։

18

Օրհնեա՜լ ըլլայ 13Տէր Աստուած, Իսրայէլի՛ Աստուածը. Միայն ինքն է սքանչելիքներ ընողը։

19

Յաւիտեան օրհնեա՜լ ըլլայ իր փառաւոր անունը. Ամբողջ երկիրը թող լեցուի անոր փառքով։ Ամէն ու ամէն։

20

Յեսսէի որդիին՝ Դաւիթի աղօթքները վերջացան։



1 Եբր.՝ տո՛ւր
2 Եբր.՝ արդարութեամբ
3 Եբր.՝ արեւին հետ ու լուսինին առջեւ
4 Կամ՝ հողը
5 Եբր.՝ խաղաղութեան շատութիւն
6 Եբր. ծռին
7 Եբր. հատուցանեն
8 Կամ՝զայն պիտի պաշտեն
9 Եբր.՝ աչքերուն
10 Եբր.՝ պտուղը
11 Եբր.՝ Քաղաքին մարդիկը
12 Եբր.՝ բոյսին
13 Եբր.՝ Եհովա