Psalm 73
Job « Psalm 72 ‹ Psalm 73 › Psalm 74 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ասափի սաղմոսը։
1Անտարակոյս Աստուած բարի է Իսրայէլի, Այսինքն՝ վճիտ սիրտ ունեցողներուն։
2Բայց քիչ մնաց՝ որ ոտքերս ծռէին, Մազ մնաց՝ որ քայլերս 1տատանէին։
3Արդարեւ նախանձեցայ պարծենկոտներուն՝ Ամբարիշտներուն 2յաջողութիւնը տեսնելով.
4Քանի որ 3մինչեւ իրենց մահը՝՝ կապանքներ չունին, Իրենց մարմինն ալ պարարտ է։
5Անոնք ուրիշ մարդոց նման տաժանքի մէջ չեն, Ուրիշ մարդոց հետ չեն 4ձաղկուիր։
6Հետեւաբար յոխորտանքը վզնոցի պէս զանոնք կը շրջապատէ, Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ։
7Անոնց աչքերը 5ճարպակալած են՝՝, Իրենց սիրտին պատկերացումները 6կը դրսեւորեն՝՝։
8Անոնք 7կը ծաղրեն՝՝, ու չարութեամբ կը խօսին հարստահարելու մասին. Գոռոզութեամբ կը խօսին։
9Իրենց բերանը երկինքի դէմ կը 8բանան, Ու իրենց լեզուն երկրի մէջէն կ’ընթանայ։
10(Ուստի իր ժողովուրդը հոս կը վերադառնայ, Եւ առատութեամբ ջուր կը 9քաշուի անոնց։)
11Անոնք կ’ըսեն. «Աստուած ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ. Ամենաբարձրին քով գիտութիւն կա՞յ»։
12Ահա՛ ասոնք են ամբարիշտները, Որ միշտ անդորրութիւն ունին եւ իրենց հարստութիւնը կը շատցնեն։
13Ի՛րապէս պարապ տեղը իմ սիրտս մաքրեցի Ու ձեռքերս անմեղութեամբ լուացի,
14Որովհետեւ ամէն օր կը ձաղկուիմ, Ամէն առտու կը յանդիմանուիմ։
15Եթէ ըսէի. «Ես այսպէս պիտի խօսիմ», Ահա՛ քու որդիներուդ սերունդին անհաւատարիմ պիտի ըլլայի։
16Երբ մտածեցի որ ասիկա հասկնամ՝ Տաժանք թուեցաւ իմ աչքերուս,
17Մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ, Եւ հասկցայ անոնց վախճանը։
18Ի՛րապէս դուն սահուն տեղեր դրեր ես զանոնք, Աւերակներու մէջ պիտի տապալես զանոնք։
19Ի՜նչպէս վայրկենապէս ամայութեան մէջ ինկան. Արհաւիրքէն սպառելով կորսուեցան։
20Ինչպէս երազ մը՝ մարդուն արթննալէն ետք, Ո՛վ Տէր, 10արթննալով դուն անոնց պատկերը պիտի արհամարհես։
21Մինչ սիրտս 11դառնացած էր Ու 12երիկամունքէս խոցուած էի,
22Ես՝ անխելք ըլլալով՝ չէի հասկնար, Քու առջեւդ անասուններու պէս էի։
23Սակայն ես շարունակ քեզի հետ եմ, Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես.
24Զիս քու խրատովդ պիտի առաջնորդես, Ու վերջաւորութեան՝ զիս փառքի մէջ պիտի ընդունիս։
25Երկինքի մէջ ո՞վ ունիմ. Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ ո՛չ մէկուն կը բաղձամ։
26Իմ մարմինս ու սիրտս կը սպառին, Բայց Աստուած իմ սիրտիս վէմը եւ իմ բաժինս է՝ յաւիտենապէս։
27Արդարեւ ահա՛ կը կորսուին քեզմէ հեռացողները. Դուն կը բնաջնջես բոլոր անոնք՝ որ կը պոռնկին քեզմէ մոլորելով։
28Իսկ ինծի համար Աստուծոյ մօտենալս բարիք է. 13Վստահութիւնս դրած եմ Տէրոջ՝ Եհովայի վրայ, Որպէսզի քու բոլոր գործերդ պատմեմ։