Psalm 74
Job « Psalm 73 ‹ Psalm 74 › Psalm 75 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱԶԳԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Ասափի երգը։
1Ո՛վ Աստուած, ինչո՞ւ մեզ ընդմիշտ մերժեցիր, Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ։
2Յիշէ՛ քու համայնքդ՝ որ վաղուց ստացար, Քու ժառանգութեանդ 1վիճակը՝ որ փրկեցիր, Եւ Սիոն լեռը՝ ուր բնակեցար։
3Բարձրացո՛ւր քու քայլերդ դէպի մշտատեւ աւերակները. Տե՛ս սրբարանը թշնամիին գործած ամբողջ չարիքը։
4Քու հակառակորդներդ 2կ’աղաղակեն 3տաճարիդ մէջ. Իրե՛նց նշանները կը դնեն իբր նշան։
5Մարդ կը ճանչցուէր՝ երբ թաւուտի ծառերուն վրայ Տապար կը վերցնէր.
6Իսկ հիմա, անոր փորագրութիւնները՝ Կացիններով ու կռաններով կը կոտրտեն, բոլորը միասին։
74Կրակով այրեցին քու սրբարանդ՝՝. Պղծեցին քու անունիդ բնակարանը՝ մինչեւ գետին կործանելով։
8Իրենց սիրտերուն մէջ ըսին. «Կեղեքե՛նք զանոնք՝ բոլորը միասին»։ Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր 5ժողովարանները այրեցին։
9Մեր նշանները չենք տեսներ. Ա՛լ մարգարէ չկայ։ Մեր քով ո՛չ մէկը կայ՝ Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչեւ ե՛րբ պիտի տեւէ։
10Ո՛վ Աստուած, հակառակորդը մինչեւ ե՞րբ պիտի նախատէ. Թշնամին ընդմի՞շտ պիտի անարգէ քու անունդ։
11Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ, քու ա՛ջ ձեռքդ. Հանէ՛ զայն ծոցէդ եւ 6բնաջնջէ՛։
12Բայց վաղուց Աստուա՛ծ է իմ թագաւորս, Ի՛նք փրկութիւններ կ’իրագործէ երկրի մէջ։
13Դո՛ւն ծովը պատռեցիր քու զօրութեամբդ, Վիշապներուն գլուխները փշրեցիր ջուրերուն մէջ։
14Դո՛ւն ջախջախեցիր 7կոկորդիլոսի գլուխները. Զայն իբր ուտելիք տուիր 8տափաստանի մէջ բնակող ժողովուրդին՝՝։
15Դո՛ւն 9բխեցուցիր աղբիւրն ու վտակը, Դո՛ւն չորցուցիր 10մշտահոս գետերը։
16Քո՛ւկդ է ցերեկը, քո՛ւկդ է նաեւ գիշերը. Դո՛ւն հաստատեցիր 11լուսինը եւ արեւը։
17Դո՛ւն դրիր երկրի բոլոր սահմանները. Դո՛ւն 12ստեղծեցիր ամառն ու ձմեռը։
18Սա՛ յիշէ, թէ թշնամին նախատեց Տէրը, Եւ անզգամ ժողովուրդ մը անարգեց քու անունդ։
19Գազանին մի՛ մատներ քու տատրակիդ անձը. Ընդմիշտ մի՛ մոռնար քու դժբախտներուդ 13կեանքը։
20Նայէ՛ քու ուխտիդ, որովհետեւ երկրին խաւար տեղերը Բռնութեան բնակարաններով լեցուած են։
21Տնանկը խպնելով թող չվերադառնայ. Դժբախտն ու աղքատը թող գովաբանեն քու անունդ։
22Կանգնէ՛, ո՛վ Աստուած. պաշտպանէ՛ իրաւունքդ. Յիշէ՛ այն նախատինքը՝ որ անզգամը ամէն օր քեզի կ’ընէ։
23Մի՛ մոռնար քու հակառակորդներուդ ձայնը. Քեզի դէմ կանգնողներուն ժխորը շարունակ կը բարձրանայ։