Loading...

Psalm 76

Job  «  Psalm 75  ‹  Psalm 76  ›  Psalm 77  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆԸ Գլխաւոր երաժիշտին. նկինօթի վրայ. Ասափի սաղմոսը. երգ։

1

Աստուած Յուդայի մէջ ճանչցուած է. Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է։

2

Անոր 1խորանը Սաղէմի մէջ է, Եւ անոր բնակավայրը՝ Սիոնի մէջ։

3

Ինք հոն կոտրտեց աղեղին 2նետերը, Վահանը, սուրը եւ պատերազմի զէնքերը։ (Սելա։)

4

Դուն աւելի լուսափայլ ու հոյակապ ես՝ Քան որսի լեռները։

5

3Քաջասիրտները 4կողոպտուեցան, Քունի մէջ 5թաղուեցան, Կտրիճ մարդոցմէն ո՛չ մէկը իր ձեռքերը 6կրցաւ գործածել՝՝։

6

Ո՛վ Յակոբի Աստուածը, քու սաստիդ պատճառով Կառքն ու ձին թմրեցան։

7

Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահեղ ես. Ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ՝ երբ բարկանաս։

8

Դուն երկինքէն լսել տուիր դատավճիռը. Երկիրը վախցաւ եւ հանդարտ կեցաւ,

9

Երբ Աստուած կանգնեցաւ դատավճիռ արձակելու, Որպէսզի երկրի բոլոր հեզերը փրկէ։ (Սելա։)

10

Ի՛րապէս մարդուն ցասումը քեզ պիտի ներբողէ, Ու մնացած ցասումը դո՛ւն պիտի 7զսպես։

11

Ո՛ւխտ ըրէք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն, ու կատարեցէ՛ք. Բոլոր անոր շուրջը եղողները Ընծաներ թող բերեն Ահեղին։

12

Ինք առաջնորդներուն հոգին պիտի կտրէ, Ինք ահեղ է երկրի թագաւորներուն հանդէպ։



1 Եբր.՝ տաղաւարը
2 Եբր.՝ շանթերը
3 Եբր.՝ Սիրտով հզօրները
4 Եբր.՝ իբր աւար առնուեցան
5 Եբր.՝ մրափեցին
6 Եբր.՝ գտաւ
7 Եբր.՝ կապես