Loading...

Psalm 77

Job  «  Psalm 76  ‹  Psalm 77  ›  Psalm 78  »  Proverbs


ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ Գլխաւոր երաժիշտին՝ Իդիթունի համաձայն. Ասափի սաղմոսը։

1

Իմ ձայնս Աստուծոյ ուղղուած է, ու կ’աղաղակեմ. Իմ ձայնս Աստուծոյ ուղղուած է, եւ ան ինծի պիտի ունկնդրէ։

2

Իմ տագնապիս օրը Տէրը փնտռեցի. Իմ ձեռքս գիշերը տարածուած էր ու չէր թուլնար. Իմ անձս կը մերժէր մխիթարուիլ։

3

Աստուած յիշեցի, եւ ալեխռով եղայ. Գանգատեցայ, ու հոգիս թալկացաւ։ (Սելա։)

4

Իմ աչքերս արթուն կը պահես. Խռոված եմ, եւ չեմ կրնար խօսիլ։

5

Կը մտածեմ վաղեմի օրերուն, Հին ատենուան տարիներուն մասին։

6

Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ տաղս. Իմ սիրտիս մէջ կը խոկամ, Եւ հոգիս ալ կը փնտռէ.

7

«Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞. Ա՛լ բնաւ պիտի չհաճի՞։

8

Միթէ անոր կարեկցութիւնը ընդմի՞շտ դադրեցաւ. Իր խոստումը վերջացա՞ւ սերունդէ սերունդ։

9

Միթէ Աստուած մոռցա՞ւ ողորմիլ. Միթէ բարկութեամբ 1կասեցո՞ւց իր գթութիւնը»։ (Սելա։)

10

Ուստի ըսի. «Ահա՛ւասիկ իմ տկարութեանս պատճառը.— 2Ամենաբարձրին աջ ձեռքը փոխուած է՝՝»։

11

3Տէրոջ ըրածները պիտի յիշեմ. Արդարեւ քու վաղեմի սքանչելիքներդ պիտի յիշեմ,

12

Բոլոր գործերուդ մասին պիտի խորհրդածեմ, Եւ արարքներուդ վրայ պիտի խոկամ։

13

Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբարանին մէջ է. Ո՞ր աստուածը մեր Աստուծոյն պէս մեծ է։

14

Դո՛ւն ես սքանչելիքներ ընող Աստուածը. Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներուն մէջ 4ցոյց տուիր՝՝,

15

Եւ բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝ Յակոբի ու Յովսէփի որդիները։ (Սելա։)

16

Ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած, Ջուրերը քեզ տեսան ու սարսափեցան. Անդունդներն ալ մոլեգնեցան։

17

Թանձր ամպերը ջուրով 5ողողեցին. Նօսր ամպերը 6թնդացին, Նետերդ ալ 7արձակուեցան։

18

Քու որոտումիդ 8պայթիւնը թաթառին մէջ էր. Փայլակները լուսաւորեցին երկրագունդը, Երկիրը սարսեցաւ եւ շարժեցաւ։

19

Քու ճամբադ ծովուն մէջ է, Քու ճանապարհդ՝ յորդառատ ջուրերուն մէջ, Ու քու հետքերդ չեն գիտցուիր։

20

Հօտի պէս առաջնորդեցիր քու ժողովուրդդ՝ Մովսէսի եւ Ահարոնի ձեռքով։



1 Եբր.՝ գոցե՞ց
2 Կամ՝ Սակայն Ամենաբարձրին աջ ձեռքին տարիները պիտի յիշեմ
3 Եբր.՝ Եահի
4 Եբր.՝ գիտցուցիր
5 Կամ՝ ընկղմեցին
6 Եբր.՝ ձայն տուին
7 Եբր.՝ գացին
8 Եբր.՝ ձայնը