Psalm 78
Job « Psalm 77 ‹ Psalm 78 › Psalm 79 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Ասափի երգը։
1Ո՛վ ժողովուրդս, ունկնդրեցէ՛ք իմ 1օրէնքս. Դարձուցէ՛ք ձեր ականջը բերանիս խօսքերուն։
2Առակով պիտի բանամ բերանս, Եւ վաղեմի հանելուկները պիտի արտայայտեմ,
3Որոնք լսեցինք ու գիտցանք, Եւ մեր հայրերը մեզի պատմեցին։
4Մենք պիտի չպահենք անոնց որդիներէն. Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք Տէրոջ 2փառաւոր գործերը՝՝, անոր զօրութիւնը, Եւ անոր ըրած սքանչելիքները։
5Արդարեւ վկայութիւն հաստատեց Յակոբի մէջ, Օրէնք դրաւ Իսրայէլի մէջ. Զանոնք պատուիրեց մեր հայրերուն, Որպէսզի 3սորվեցնեն իրենց որդիներուն.
6Որպէսզի յաջորդ սերունդը՝ ծնելիք որդիները զանոնք գիտնան, Եւ կանգնելով իրենց որդիներուն հաղորդեն,
7Անոնք ալ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով՝ Չմոռնան Աստուծոյ ըրածները, Հապա անոր պատուիրանները պահեն.
8Իրենց հայրերուն պէս Ապստամբ եւ անհնազանդ սերունդ մը չըլլան, Այնպիսի սերունդ մը՝ որ իր սիրտը չէ հաստատած, Որուն հոգին հաւատարիմ չէ Աստուծոյ։
9Եփրեմի որդիները՝ որոնք սպառազինեալ աղեղնաւորներ էին, Պատերազմին օրը կռնակ դարձուցին.
10Աստուծոյ ուխտը չպահեցին, Մերժելով անոր Օրէնքին համաձայն ընթանալ.
11Մոռցան անոր արարքները Եւ անոր սքանչելիքները՝ որ իրենց ցոյց տուեր էր։
12Անոնց հայրերուն առջեւ սքանչելիքներ ըրաւ, Եգիպտոսի երկրին՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
13Ծովը ճեղքեց ու զանոնք անցուց, Ջուրերն ալ կարկառի պէս կանգնեցուց։
14Ցերեկը ամպով առաջնորդեց զանոնք, Եւ ամբողջ գիշերը՝ կրակի լոյսով։
15Վէմերը ճեղքեց անապատին մէջ, Ու խմցուց անոնց՝ իբր թէ մեծ անդունդէն.
16Հոսանքներ հանեց ժայռէն, Եւ ջուրերը գետերու պէս 4հոսեցուց։
17Բայց անոնք դարձեալ մեղանչեցին անոր դէմ՝ Տափաստանին մէջ բարկացնելով Ամենաբարձրը.
18Իրենց սիրտերուն մէջ Աստուած փորձեցին՝ Կերակուր 5ուզելով իրենց ցանկութեան համաձայն՝՝։
19Աստուծոյ դէմ խօսեցան եւ ըսին. «Միթէ Աստուած կրնա՞յ Անապատին մէջ սեղան պատրաստել։
20Ահա՛ վէմին զարկաւ, ու ջուրերը հոսեցան, Եւ վտակները յորդեցան. Արդեօք կրնա՞յ հաց ալ տալ, Կրնա՞յ միս պատրաստել իր ժողովուրդին համար»։
21Ուստի Տէրը լսեց ու սրդողեցաւ, Կրակ մը վառեցաւ Յակոբի դէմ, Նաեւ բարկութիւն 6բորբոքեցաւ Իսրայէլի դէմ.
22Որովհետեւ Աստուծոյ չհաւատացին Եւ անոր փրկութեան չվստահեցան,
23Թէպէտ ինք վերէն պատուիրեր էր նօսր ամպերուն Ու երկինքի դռները բացեր էր,
24Կերակուրի համար մանանայ տեղացուցեր էր անոնց վրայ, Ու երկինքի ցորենը տուեր էր անոնց։
25Մարդը հզօրներուն հացը կերաւ. Կշտանալու չափ պաշար ղրկեց անոնց։
26Երկինքի մէջ արեւելեան հովը բարձրացուց, Եւ իր զօրութեամբ հարաւային հովը բերաւ.
27Անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղացուց, Ծովու աւազին չափ թեւաւոր թռչուններ.
28Անոնց բանակավայրին մէջ 7իջեցուց զանոնք, Իրենց բնակարաններուն շուրջը։
29Կերան ու լա՛ւ կշտացան, Որովհետեւ իրենց ցանկացածը իրենց տուաւ.
30Իրենց ցանկացածէն 8չզրկուեցան։ Մինչ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր,
31Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց դէմ բորբոքեցաւ, Եւ մեռցուց անոնց 9զօրաւորները, 10Զգետնեց Իսրայէլի ընտիրները։
32Հակառակ այս բոլորին՝ դարձեալ մեղանչեցին, Ու չհաւատացին անոր սքանչելիքներուն.
33Ուստի ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը, Եւ արհաւիրքի մէջ՝ անոնց տարիները։
34Երբ կը մեռցնէր զանոնք, զինք կը փնտռէին. Կը վարադառնային եւ 11փութով Աստուած կը փնտռէին.
35Կը յիշէին թէ Աստուած իրենց Վէմն էր, Եւ Ամենաբարձր Աստուածը՝ իրենց Փրկարարը։
36Սակայն իրենց բերանով կը հրապուրէին, Իրենց լեզուով կը ստէին անոր.
37Իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջեւ, Ու հաւատարիմ չէին անոր ուխտին հանդէպ։
38Բայց ան գթած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութիւնը կը քաւէր, Ու չէր բնաջնջեր զանոնք։ Յաճախ կը կասեցնէր իր բարկութիւնը, Ու չէր արթնցներ իր ամբողջ ցասումը,
39Որովհետեւ կը յիշէր թէ անոնք մարմին են, Հովի մը պէս՝ որ կ’երթայ ու չի վերադառնար։
40Քանի՜ անգամ անոր դէմ ընդվզեցան անապատին մէջ, Զայն վշտացուցին ամայութեան մէջ.
4112Կրկին ու կրկին՝՝ Աստուած փորձեցին, Եւ Իսրայէլի Սուրբը տրտմեցուցին.
42Չյիշեցին անոր ձեռքը, Այն օրը՝ երբ զիրենք թշնամիէն փրկեց.
43Մոռցան թէ ի՛նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ, Ու իր հրաշքները՝ Տայանիսի դաշտին մէջ.—
44Արիւնի վերածեց անոնց գետերը Եւ անոնց հոսանքները, որ չկարենան խմել։
45Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք լափեցին զանոնք, Ու գորտեր՝ որոնք ապականեցին զանոնք։
46Անոնց արգասիքը գրուիճին տուաւ, Եւ անոնց վաստակը՝ մարախին.
47Անոնց որթատունկերը կարկուտով փճացուց, Ու անոնց ժանտաթզենիները՝ խոշոր կարկուտով.
48Անոնց անասունները կարկուտին մատնեց, Եւ անոնց հօտերը՝ կայծակին։
49Անոնց վրայ արձակեց իր 13բորբոքած բարկութիւնը՝՝, Ցասում, սրտմտութիւն ու տագնապ, 14Չար հրեշտակներ ղրկելով։
50Իր բարկութեան ճամբայ բացաւ. Անոնց անձը մահէն զերծ չպահեց, Հապա անոնց 15կեանքը ժանտախտի մատնեց։
51Ամէն անդրանիկ սպաննեց Եգիպտոսի մէջ, 16Առջինեկները՝ Քամի վրաններուն մէջ։
52Իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս փոխադրեց, Զանոնք հօտի պէս տարաւ անապատին մէջէն.
53Զանոնք ապահովութեամբ առաջնորդեց, ուստի չվախցան, Իսկ ծովը ծածկեց անոնց թշնամիները։
54Զանոնք տարաւ իր սուրբ հողամասը, Այն լեռը՝ որ իր աջ ձեռքը ստացեր էր։
55Անոնց առջեւէն ազգեր վռնտեց, 17Վիճակով բաժնեց՝՝ անոնց՝ իբր ժառանգութիւն, Ու Իսրայէլի տոհմերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց։
56Բայց անոնք Ամենաբարձր Աստուածը փորձեցին եւ անոր դէմ ընդվզեցան, Ու չպահեցին անոր վկայութիւնները։
57Իրենց հայրերուն պէս ընկրկեցան եւ անհաւատարիմ եղան, Խաբեբայ աղեղի պէս 18դարձան.
58Որովհետեւ զայն գրգռեցին իրենց բարձր տեղերով, Ու զայն նախանձի մղեցին իրենց 19կուռքերով։
59Աստուած լսեց եւ սրդողեցաւ, Ու մեծապէս անարգեց Իսրայէլը.
60Սելովի 20բնակարանը երեսէ ձգեց, Այն վրանը՝ ուր մարդոց մէջ բնակեր էր։
6121Իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց, Իր պարծանքը՝ թշնամիներուն ձեռքը։
62Իր ժողովուրդը սուրի մատնեց, Եւ իր ժառանգութեան դէմ սրդողեցաւ։
63Անոր երիտասարդները կրակէն սպառեցան, Անոր կոյսերը չգովերգուեցան.
64Անոր քահանաները սուրով ինկան, Ու անոր այրիները չլացին։
65Այն ատեն Տէրը արթնցաւ՝ որպէս թէ քունէ, Գինիէն ցնծացող զօրաւոր մարդու մը պէս,
66Եւ իր թշնամիները ետեւի կողմէն զարկաւ, Յաւիտենական նախատինքի մատնելով զանոնք։
67Յովսէփի վրանը մերժեց, Ու Եփրեմի տոհմը չընտրեց,
68Հապա Յուդայի տոհմը ընտրեց, Սիոն լեռը՝ որ սիրեց։
69Իր սրբարանը կառուցանեց բարձր բլուրներու պէս, Երկրի պէս՝ որ յաւիտենապէս հաստատեց։
70Իր ծառան՝ Դաւիթը ընտրեց, Ու զայն ոչխարի փարախներէն առաւ,
71Զայն կաթնտու ոչխարներուն ետեւէն բերաւ, Որպէսզի հովուէ իր ժողովուրդը՝ Յակոբը, Եւ իր ժառանգութիւնը՝ Իսրայէլը։
72Ան ալ հովուեց զանոնք՝ իր սիրտին պարկեշտութեամբ, Ու ձեռքերուն ճարտարութեամբ առաջնորդեց զանոնք։