Psalm 79
Job « Psalm 78 ‹ Psalm 79 › Psalm 80 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱԶԳԻՆ ԱԶԱՏՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ Ասափի սաղմոսը։
1Ո՛վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակի շեղջի 1վերածեցին։
2Քու ծառաներուդ դիակները Երկինքի թռչուններուն տուին՝ իբր ուտելիք, Քու բարեպաշտներուդ մարմինը՝ երկրի գազաններուն.
3Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը, Եւ ո՛չ մէկը կար՝ որ զանոնք թաղէր։
4Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք, Ծաղր ու ծանակ՝ մեր շուրջը եղողներուն։
5Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր. ընդմիշտ պիտի բարկանա՞ս. Քու նախանձախնդրութիւնդ կրակի պէս պիտի վառի՞։
6Թափէ՛ քու ցասումդ այն ազգերուն վրայ՝ Որոնք քեզ չեն ճանչնար, Այն թագաւորութիւններուն վրայ՝ Որոնք քու անունդ չեն կանչեր.
7Որովհետեւ Յակոբը կլանեցին, Եւ անոր բնակութիւնը ամայացուցին։
82Մի՛ յիշեր մեր՝՝ նախկին անօրէնութիւնները. Քու գթութիւններդ շուտո՛վ թող գան մեր առջեւ, Քանի չափազանց 3թշուառացանք։
9Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, Քու անունիդ փառքին համար. Ազատէ՛ մեզ ու քաւէ՛ մեր մեղքերը, Քու անունիդ համար։
10Ինչո՞ւ հեթանոսները ըսեն. «Ո՞ւր է անոնց Աստուածը». Քու ծառաներուդ թափուած արիւնին վրէժը Թող գիտցուի հեթանոսներուն մէջ, մեր աչքերուն առջեւ։
11Բանտարկեալին հեծեծանքը քու առջեւդ թող հասնի. Քու 4զօրութեանդ մեծութեամբ՝ 5Ապրեցո՛ւր մահուան 6մատնուածները։
12Եօթնապատի՛կ հատուցանէ մեր դրացիներուն՝ իրենց ծոցին մէջ՝ Իրենց նախատինքին փոխարէն, որով քեզ 7անարգեցին, ո՛վ Տէր։
13Բայց մենք՝ քու ժողովուրդդ եւ քու արօտիդ ոչխարները՝ Յաւիտեան քեզ պիտի ներբողենք, Ու քու 8փառաւոր գործերդ՝՝ պիտի պատմենք սերունդէ սերունդ։