Psalm 80
Job « Psalm 79 ‹ Psalm 80 › Psalm 81 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱԶԳԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Շոշանիմ-Էտութ՝՝ի վրայ. Ասափի սաղմոսը։
1Ունկնդրէ՛, ո՛վ Իսրայէլի Հովիւը, Որ Յովսէփը հօտի պէս կ’առաջնորդես։ Փայլէ՛, դո՛ւն՝ որ քերովբէներու վրայ կը բազմիս։
2Արթնցո՛ւր քու զօրութիւնդ Եփրեմի, Բենիամինի եւ Մանասէի առջեւ, Ու եկո՛ւր մեզ փրկելու։
3Ո՛վ Աստուած, վերադարձո՛ւր մեզ. 1Պայծառացո՛ւր քու երեսդ, եւ պիտի փրկուինք։
4Ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Աստուած, Մինչեւ ե՞րբ պիտի 2բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին դէմ։
5Արցունքի հաց կը կերցնես անոնց, Ու եռապատիկ չափով արցունք կը խմցնես անոնց։
6Մեզ բանավէճի նիւթ կ’ընես մեր դրացիներուն մօտ, Եւ մեր թշնամիները մեզ կը ծաղրեն իրենց մէջ։
7Ո՛վ զօրքերու Աստուած, վերադարձո՛ւր մեզ. Պայծառացո՛ւր քու երեսդ, ու պիտի փրկուինք։
8Եգիպտոսէն որթատունկ մը փոխադրեցիր, Հեթանոսները վռնտեցիր եւ զայն տնկեցիր.
9Անոր առջեւէն տեղ պատրաստեցիր, Անոր արմատները 3հաստատեցիր, Ու ան երկիրը լեցուց։
10Լեռները ծածկուեցան անոր շուքով. Անոր ոստերը Աստուծոյ մայրիներուն պէս եղան։
11Իր ոստերը երկնցուց մինչեւ ծովը, Եւ իր մատաղատունկերը՝ մինչեւ Գետը։
12Ինչո՞ւ 4քանդեցիր անոր ցանկապատերը, Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները զայն կողոպտեն։
13Անտառին խոզը զայն ապականեց, Ու դաշտի գազանները զայն ճարակեցին։
14Ո՛վ զօրքերու Աստուած, կ’աղերսե՛մ, վերադարձի՛ր. Նայէ՛ երկինքէն ու տե՛ս, Եւ աչքէ՛ անցուր այս որթատունկը,
15Այն տունկը՝ որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր, Ու որդին՝ որ քեզի համար զօրացուցիր.
16Կրակով այրուած եւ կտրուած է, Քու 5սաստէդ կը կորսուին։
17Քու ձեռքդ աջ կողմդ եղող մարդուն վրայ թող ըլլայ, Մարդու որդիին վրայ՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։
18Մենք ա՛լ 6պիտի չհեռանանք՝՝ քեզմէ. Վերապրեցո՛ւր մեզ, եւ քու անունդ պիտի կանչենք։
19Ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Աստուած, վերադարձո՛ւր մեզ. Պայծառացո՛ւր քու երեսդ, ու պիտի փրկուինք։