Loading...

Psalm 81

Job  «  Psalm 80  ‹  Psalm 81  ›  Psalm 82  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. կիթթիթի վրայ. Ասափի սաղմոսը։

1

Ցնծացէ՛ք Աստուծոյ առջեւ, որ մեր զօրութիւնն է, Ուրախութեա՛մբ գոչեցէք Յակոբի Աստուծոյն։

2

Առէ՛ք 1նուագարանները, բերէ՛ք թմբուկը, Նաեւ հաճելի քնարը՝ տաւիղին հետ։

3

Շեփո՛ր հնչեցուցէք 2ամսագլուխին, Նաեւ 3լիալուսինին, մեր տօնին օրը։

4

Արդարեւ ասիկա Իսրայէլի համար կանոն մըն է, Յակոբի Աստուծոյն որոշումը.

5

Ի՛նք ասիկա Յովսէփի մէջ իբր վկայութիւն դրաւ, Երբ 4յարձակեցաւ Եգիպտոսի երկրին վրայ, Ուր լեզու մը լսեցի՝ որ չէի գիտեր.

6

«Անոր ուսը հանեցի բեռին տակէն. Անոր ձեռքերը 5հեռացան կողովէն։

7

Տագնապի մէջ գոչեցիր, ու քեզ ազատեցի. Պատասխանեցի քեզի որոտումի ծածկոյթին մէջէն, Փորձարկեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով։ (Սելա։)

8

Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, ու վկայեմ քեզի. Ո՛վ Իսրայէլ, 6մտի՛կ ըրէ՝՝ ինծի,

9

Օտար Աստուած թող չըլլայ քու մէջդ, Օտար Աստուծոյ մի՛ երկրպագեր։

10

Ե՛ս եմ Տէրը՝ քու Աստուածդ, Որ բարձրացուցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն. 7Լա՛յն բաց՝՝ քու բերանդ, Ու զայն պիտի լեցնեմ։

11

Բայց իմ ժողովուրդս ձայնս մտիկ չըրաւ, Եւ Իսրայէլ զիս չուզեց։

12

Ուստի զանոնք իրենց սիրտին կամակորութեան 8լքեցի, Որպէսզի իրենց խորհուրդներուն համաձայն ընթանան։

13

Երանի՜ թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր, Եւ Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ ընթանար։

14

Շուտով պիտի ընկճէի անոնց թշնամիները, Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց հակառակորդներուն դէմ։

15

Տէրը ատողները 9պիտի քծնէին իր առջեւ՝՝, Եւ 10անոնց ժամանակը յաւիտենական պիտի ըլլար։

16

Ան 11ընտիր ցորեն պիտի կերցնէր անոնց, Ու վէմէն հոսած մեղրով պիտի կշտացնէի ձեզ»։



1 Եբր.՝ նուագը
2 Եբր.՝ նոր լուսինին
3 Կամ՝ որոշուած ժամանակին
4 Եբր.՝ դուրս ելաւ
5 Եբր.՝ անցան
6 Եբր.՝ եթէ մտիկ ընես
7 Եբր.՝ Լայնցո՛ւր
8 Եբր.՝ ղրկեցի
9 Կամ՝ պիտի ստէին իրեն
10 Այսինքն՝ Իսրայէլի
11 Եբր.՝ ճարպոտ