Psalm 82
Job « Psalm 81 ‹ Psalm 82 › Psalm 83 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ Ասափի սաղմոսը։
1Աստուած կայնած է 1հզօրներու համայնքին մէջ, 2Դատաւորներուն մէջ կը դատէ։
2«Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք, Եւ ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սելա։)
3Չքաւորին ու որբին դա՛տը պաշտպանեցէք, Դժբախտին եւ թշուառին իրաւո՛ւնքը պաշտպանեցէք։
43Փրկեցէ՛ք չքաւորն ու աղքատը, Ազատեցէ՛ք զանոնք ամբարիշտներուն ձեռքէն»։
5Չեն գիտեր եւ չեն հասկնար, Խաւարի մէջ կ’ընթանան. Երկրի բոլոր հիմերը երերացին։
6Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք. Դուք բոլորդ Ամենաբարձրին որդիներն էք.
7Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք, Եւ իշխանաւորներէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։
8Կանգնէ՛, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը, Որովհետեւ դո՛ւն պիտի ժառանգես բոլոր ազգերը։