Loading...

Psalm 83

Job  «  Psalm 82  ‹  Psalm 83  ›  Psalm 84  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Երգ. Ասափի սաղմոսը։

1

Ո՛վ Աստուած, մի՛ լռեր. Անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած.

2

Որովհետեւ ահա՛ քու թշնամիներդ կը գոռան, Քեզ ատողները գլուխ կը բարձրացնեն։

3

Խորամանկութեամբ կը դաւադրեն քու ժողովուրդիդ դէմ, Կը խորհրդակցին քու 1պաշտպանեալներուդ դէմ.

4

Կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, անհետացնե՛նք զանոնք՝ որպէսզի ազգ չըլլան, Եւ ա՛լ չյիշատակուի Իսրայէլի անունը»։

5

Արդարեւ 2միաբանութեամբ խորհրդակցեցան Ու քեզի դէմ դաշինք կնքեցին՝

6

Եդովմի վրանները եւ Իսմայելացիները, Մովաբ ու Հագարացիները,

7

Գեբաղ, Ամմոն եւ Ամաղէկ, 3Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։

8

Նաեւ Ասուր անոնց միացաւ. Ղովտի որդիներուն ձեռնտու եղան։ (Սելա։)

9

Ըրէ՛ անոնց՝ ինչպէս Մադիամի, Ինչպէս Սիսարայի ու Յաբինի ըրիր Կիսոն վտակին քով։

10

Անոնք Ենդովրի մէջ բնաջնջուեցան, Աղբ եղան հողին համար։

11

Անոնց ազնուականները Օրէբի՛ ու Զէբի՛ պէս ըրէ, Եւ անոնց բոլոր 4նախարարները՝ Զեբէէի ու Սաղմանայի պէս,

12

Որոնք ըսին. «Աստուծոյ բնակարաններուն Մե՛նք տիրանանք՝ մեզի համար»։

13

Ո՛վ իմ Աստուածս, թաթառի՛ պէս ըրէ զանոնք, Հովին առջեւ եղող խոզանին պէս։

14

Ինչպէս կրակը կ’այրէ անտառը, Ու բոցը կը բռնկեցնէ լեռները,

15

Ա՛յնպէս հետապնդէ զանոնք քու մրրիկովդ, Շփոթեցո՛ւր զանոնք քու փոթորիկովդ։

16

Անարգանքո՛վ 5ծածկէ անոնց երեսը, Որպէսզի քու անունդ փնտռեն, ո՛վ Տէր։

17

Թող ամչնան ու յաւերժ շփոթին, Թող շիկնին եւ կորսուին.

18

Որպէսզի գիտնան թէ միայն դո՛ւն,— որուն անունը Եհովա է,— Ամենաբարձր ես ամբողջ երկրի վրայ։



1 Եբր.՝ պահածներուդ
2 Եբր.՝ մէկ սիրտով
3 Կամ՝ Պաղեստին
4 Եբր.՝ օծեալները
5 Եբր.՝ լեցուր