Psalm 84
Job « Psalm 83 ‹ Psalm 84 › Psalm 85 » Proverbs
ԲԱՂՁԱՆՔ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՆ ՀԱՆԴԷՊ Գլխաւոր երաժիշտին. կիթթիթի վրայ. Կորխի որդիներուն սաղմոսը։
1Ի՜նչպէս սիրելի են քու 1բնակարաններդ, Ո՛վ զօրքերու Տէր.
2Իմ անձս կը կարօտնայ Տէրոջ գաւիթները, Եւ նոյնիսկ կը 2նուաղի անոնց համար. Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կը գոչեն Ապրո՛ղ Աստուծոյն։
3Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ, Ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար, Քու զոհասեղաններուդ քով, ո՛վ զօրքերու Տէր, Իմ Թագաւորս եւ Աստուածս։
4Երանի՜ անոնց՝ որ քու տանդ մէջ կը բնակին. Անոնք անդադար քեզ պիտի գովաբանեն։ (Սելա։)
5Երանի՜ այն մարդոց՝ որոնց զօրութիւնը քեզմէ է, Եւ իրենց սիրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։
6Արտասուքներու հովիտէն անցնելով՝ 3աղբիւրի կը վերածեն՝՝ զայն. Առաջին անձրեւն ալ 4օրհնութիւններով կը ծածկէ զայն՝՝։
7Անոնք 5հետզհետէ կը զօրանան՝՝, Մինչեւ որ Աստուծոյ առջեւ երեւնան Սիոնի մէջ։
8Ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս. Ո՛վ Յակոբի Աստուածը, ունկնդրէ՛։ (Սելա։)
9Ո՛վ Աստուած, մեր վահա՛նը, տե՛ս. Նայէ՛ քու օծեալիդ երեսին։
10Քանի մէ՛կ օրը քու գաւիթներուդ մէջ՝ Հազարէն լաւ է ուրիշ տեղ, Նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տան շեմին վրայ կենալ, Քան թէ 6ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։
11Արդարեւ 7Տէր Աստուած արեւ ու վահան է. Տէրը շնորհք եւ փառք պիտի տայ. Ո՛չ մէկ բարութիւն պիտի մերժէ Պարկեշտութեամբ ընթացողներուն։
12Ո՛վ զօրքերու Տէր, Երանելի՜ է քեզի վստահող մարդը։