Psalm 85
Job « Psalm 84 ‹ Psalm 85 › Psalm 86 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԱԶԳԻՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Գլխաւոր երաժիշտին. Կորխի որդիներուն սաղմոսը։
1Ո՛վ Տէր, դուն հաճեցար քու երկրիդ. Դո՛ւն վերադարձուցիր Յակոբի 1գերիները,
2Ներեցիր քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը, Ծածկեցիր անոնց բոլոր մեղքերը. (Սելա.)
32Հեռացուցիր քու ամբողջ ցասումդ, Կասեցուցիր քու 3բորբոքած բարկութիւնդ՝՝։
44Վերադարձո՛ւր մեզ՝՝, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը. Դադրեցո՛ւր քու գրգռութիւնդ՝ որ մեզի դէմ է։
5Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի. Քու բարկութիւնդ սերունդէ սերունդ պիտի երկարաձգե՞ս։
6Միթէ մեզ պիտի չվերապրեցնե՞ս, Որպէսզի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախանայ։
7Ցո՛յց տուր մեզի, ո՛վ Տէր, քու կարեկցութիւնդ. 5Շնորհէ՛ մեզի քու փրկութիւնդ։
8Պիտի լսեմ ինչ որ 6Տէր Աստուած պիտի խօսի, Որովհետեւ խաղաղութեան մասին պիտի խօսի իր ժողովուրդին եւ իր բարեպաշտներուն, Եթէ անոնք անմտութեան չվերադառնան։
9Անտարակոյս իր փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն, Որպէսզի փառքը բնակի մեր երկրին մէջ։
10Կարեկցութիւնն ու ճշմարտութիւնը իրարու հանդիպեցան, Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը զիրար համբուրեցին։
11Ճշմարտութիւնը երկրէ պիտի բուսնի, Եւ արդարութիւնը երկինքէն վար պիտի նայի։
12Նաեւ Տէրը բարօրութիւն պիտի տայ, Ու մեր գետինը՝ իր արգասիքը։
13Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ, Եւ 7իր քայլերը՝՝ ճամբային մէջ պիտի դնէ։