Psalm 86
Job « Psalm 85 ‹ Psalm 86 › Psalm 87 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Դաւիթի աղօթքը։
1Ո՛վ Տէր, դարձո՛ւր ականջդ. Պատասխանէ՛ ինծի, քանի դժբախտ եւ աղքատ եմ.
2Պահպանէ՛ իմ անձս, որովհետեւ բարեպաշտ եմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, դո՛ւն փրկէ քեզի վստահող ծառադ.
3Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, Որովհետեւ քեզի՛ կը գոչեմ ամէն օր։
4Ուրախացո՛ւր քու ծառայիդ անձը, Քանի որ դէպի քե՛զ կը բարձրացնեմ իմ անձս, ո՛վ Տէր։
5Արդարեւ դուն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես, Եւ մեծապէս կարեկից բոլոր անոնց՝ որ քեզի կը գոչեն։
6Ունկնդրէ՛ իմ աղօթքս, ո՛վ Տէր, Ուշադի՛ր եղիր աղաչանքներուս ձայնին։
7Տագնապիս օրը քեզի՛ կը գոչեմ, Որովհետեւ դուն ինծի կը պատասխանես։
8Ո՛վ Տէր, ո՛չ մէկը քեզի պէս է աստուածներուն մէջ, Եւ քու գործերուդ նմանը չկայ։
9Քու 1ստեղծած բոլոր ազգերդ պիտի գան Ու երկրպագեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր, Եւ քու անունդ պիտի փառաւորեն։
10Արդարեւ դուն մեծ ես, սքանչելիքներ կ’ընես. Միա՛յն դուն Աստուած ես։
11Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու ճամբադ, Որպէսզի քու ճշմարտութեանդ մէջ ընթանամ. 2Յօժարեցո՛ւր սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ։
12Ամբողջ սիրտովս քեզ պիտի ներբողեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, Ու քու անունդ յաւիտեան պիտի փառաւորեմ.
13Որովհետեւ քու կարեկցութիւնդ մեծ եղաւ ինծի հանդէպ, Եւ դո՛ւն ազատեցիր իմ անձս 3խորունկ 4դժոխքէն։
14Ո՛վ Աստուած, հպարտները ինծի դէմ կանգնեցան, Ու խումբ մը բռնակալներ իմ անձս փնտռեցին. Անոնք քեզ իրենց առջեւ չդրին։
15Բայց դուն, ո՛վ Տէր, գթած եւ ողորմած Աստուած ես, Համբերատար ու առատաձեռն՝ կարեկցութեամբ եւ ճշմարտութեամբ։
16Դարձի՛ր ու ողորմէ՛ ինծի. Տո՛ւր զօրութիւնդ քու ծառայիդ, Ու փրկէ՛ քու աղախինիդ որդին։
17Բարութեան նշա՛ն մը 5ցոյց տուր՝՝ ինծի, Որպէսզի զիս ատողները տեսնեն եւ ամչնան. Որովհետեւ դուն, ո՛վ Տէր, ինծի կ’օգնես ու զիս կը մխիթարես։